Հիւսիսային Մեթնի Մէջ Յայտարարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Միշել Մըրի Ընտրական Դաշինքը. ՀՅԴ-ի Թեկնածու Յակոբ Բագրատունի Մաս Կը Կազմէ «Միասին` Հզօր» Ցանկին
15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Հիւսիսային Մեթնի մէջ առաջադրեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի թեկնածութիւնը: Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զալքայի «Ամարեթ Շալհուպ» կեդրոնին մէջ յայտարարուեցաւ 2022-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հիւսիսային Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ գոյացած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Միշել Մըրի ընտրական դաշինքը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ...



















