Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարար Ալի Համիէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ օդային հաղորդակցութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Դեսպան Աթաբէկեան եւ Համիէ ընդգծեցին երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ ուղղակի թռիչքները աւելցնելու կարեւորութիւնը` միջպետական եւ միջմարդկային յարաբերութիւնները հզօրացնելու նպատակով:


