Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան քարտուղար Ալի Եուսեֆ Հիժազին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Երեք ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա եւ Ալի Հիժազի քննարկեցին նաեւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:


