ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 310 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.600 լ. ոսկիի:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանի առումով` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ներքին ճնշող հարցերը լուծելու, երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութը` 27.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինին սակը 470.000 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 481.000 լ. ոսկի, մազութը` 549.000 լ. ոսկի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հարաւային Լիբանանի մէջ այցելեց այնպիսի շրջաններ, ուր Հըզպալլա ժողովուրդին ծառայութեան յատուկ ծրագիրներ կը մշակէ: Այդ առիթով Ռաատ շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլը ենթակայ պիտի դարձնեն իրենց կամքին, պիտի ազատագրեն բռնագրաւուած հողերն ու վերականգնեն իրենց արժանապատուութիւնը:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլայի դէմ գործուող արշաւները կը նպատակադրեն տկարացնել մեզ եւ մեր դաշնակիցները, որպէսզի կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահութեան վրայ պարտադրեն իրենց պայմանները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ ամերիկեան դեսպանատունը իր հոգատարութեան ներքեւ գտնուող ու գործող խմբաւորումներուն վրայ պարտադրած է ընտրական հետեւեալ կարգախօսը. «Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին դէմ արձագանգել»:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց հաշուետուութեան ենթարկելու տիրող ներկայ վարչակարգը, Հըզպալլան եւ Կեդրոնական դրամատունը կառավարողները: «Հաշուետուութեան ենթարկելու այդ քայլերը կը սկսին երեսփոխանական ընտրութիւններով, իսկ մեր ուժը երաշխիք է այն սկզբունքներուն, որոնց կառչած մնացինք խորհրդարանին մէջ», յայտնեց ան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը առեւանգուած է Հըզպալլայի կողմէ, եւ վերջինիս օժանդակած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի ծրագիրը աղէտալի է եւ կրնայ մահացու հարուած մը հասցնել լիբանանեան տնտեսութեան, եթէ խորհրդարանը վաւերացնէ զայն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Անսարի մէջ գործուած սպանութեան մեղսակցած սուրիացի քաղաքացի Հասան Ղաննաշ ձերբակալուած է:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ձերբակալած է թմրեցուցիչի մաքսանենգներ, որոնք Լեռնալիբանանի կարգ մը շրջաններու մէջ աշխուժ են: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ձերբակալուողներուն մօտ գրաւուած է մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ կառավարական հիւանդանոցի պաշտօնեաները, որոնք երէկ առաւօտեան առողջապահութեան նախարարութեան դիմաց նստացոյց մը կազմակերպած էին, ներխուժեցին նախարարութիւն եւ տակնուվրայութիւն ստեղծեցին` վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունենալով նախարարութեան եւ նախարար Ֆիրաս Ապիատի հասցէին:
ՄԱԿ-ի համաշխարհային սննդեղէնի ծրագիրին համաձայն, Ուքրանիոյ տագնապի հետեւանքներուն պատճառով շարք մը երկիրներու, որոնց շարքին Լիբանանի մէջ սննդեղէնի աղէտ մը կրնայ արձանագրուիլ:
ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում յայտնեց, որ եթէ մինչեւ չորեքշաբթի, 30 մարտ 2022, դեղարաններուն կարելի չըլլայ դեղ յանձնել, ապա դեղորայքի լուրջ տագնապ պիտի արձանագրուի եւ դեղարանները կրնան փակուիլ:


