Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Թիւով Երեսփոխաններ Կը Մերժեն Կառավարութեան Ներկայացուցած «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի Օրինագիծը

March 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Նշենք, որ Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները անկարելի է յետաձգել, «ո՛չ իսկ մէկ ժամուան համար», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը երէկ գումարեցին միացեալ նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի եւ ներկայութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի ու ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի:

Միացեալ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի յատուկ օրինագիծը, որուն մասին Ֆըրզլի նիստէն ետք յայտնեց, թէ խորքային քննարկումներէ ետք խորհրդարանական յանձնախումբերը կառավարութեան յանձնարարեցին մշակել աւելի ամբողջական եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն գերագոյն շահերը պաշտպանող օրինագիծ մը, որպէսզի խորհրդարանը քննարկէ զայն:

«Միացեալ նիստին մասնակցող երեսփոխանները յանձնարարեցին եւ պնդեցին նկատի ունենալ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն շահերը, առանց բացառութեան, որովհետեւ այս հարցն ու անոր լուծումը հիմնական են», հաստատեց Ֆըրզլի:

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան բողոքեց այդ օրինագիծին դէմ` հաստատելով, որ կարելի չէ ամբողջ պետութիւնը եւ դատական իշխանութիւնը «ամփոփել» յանձնախումբով մը, որուն մաս կը կազմեն պետական նախարար մը, ելեւմուտքի նախարարն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ իր մշակած օրինագիծին եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն նկատմամբ:

Քանաան պահանջեց կառավարութենէն յանձնախումբին փոխանցել նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գոյացած համաձայնութիւնը` խոստանալով զայն անմիջապէս սերտել:

Քանաան յայտնեց, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին կառավարութիւններն են, որոնք թերացան «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրէնքը սերտելու առումով` աւելցնելով, որ խորհրդարանը այդ օրինագիծին վրայ աշխատանք տարած է:

Քանաան խիստ մերժելի գտաւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի առաջարկուած տարբերակը, որ «անկարգել»-ի մը նման էջք կատարած է խորհրդարանին մէջ:

Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծ մը անմիջապէս ունենալ, սակայն ոչ` առաջարկուած այս տարբերակով:

Արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը կառավարութեան մշակած ելեւմտական ծրագիրին անմասնատելի մէկ բաժինն է, «սակայն խորհրդարանը որոշ ժամանակէ ի վեր «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծ մը մշակելու իմաստով արդէն իսկ աշխատանք կը տանի եւ իր մշակած օրինագիծը խորհրդարանի միացեալ նիստին յղած է», ըսաւ ան:

Ատուան աւելցուց, որ այսօր իրենք շշմած են «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծով մը, որուն մասին կ՛ըսուի, թէ կառավարութեան կողմէ կարգ մը բարեփոխումներու ենթարկուած օրինագիծ է, սակայն խորքին մէջ «անտէր» փաստաթուղթ մըն է:

«Կառավարութիւնը, որ պատճառեց տնտեսական եւ ելեւմտական այս սուր տագնապն ու տակնուվրայ իրավիճակը, ինքն է, որ կը խօսի գաղտնի ծրագիրներու մասին», ըսաւ Ատուան` շեշտելով, որ այդ օրինագիծը մերժելի է, որովհետեւ կառավարութիւնը տակաւին կը շարունակէ աւազակութիւնը օրինականացնել:

Նշենք, որ երեսփոխաններ Հասան Ֆատլալլա եւ Ֆարիտ Պուսթանի իրենց կարգին մերժեցին կառավարութեան ներկայացուցած «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հալապիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Համալսարանին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«Եւրոճասթ». Ֆրանսայի, Գերմանիոյ Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Սառեցուած Են Լիբանանին Պատկանող 120 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Գումարներ Եւ Կալուածներ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.