Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանին ու Գիտահետազօտական կեդրոնին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Հալապի շեշտեց, որ նախագահ Աուն խոստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` քննարկելու համար Լիբանանեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նշանակումներուն վերաբերող հարցեր` չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին նախօրեակին:
Հալապի յայտնեց, որ նուիրատու կողմերը ցարդ չեն արձագանգած` սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու հարցին: Ան կոչ ուղղեց բոլոր այն դպրոցներուն, որոնք իրենց ուսուցիչներուն իրաւունքները չեն տրամադրած` կատարելու իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ ծովային սահմանագծումին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտ: Քննարկուեցան Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ նահանգապետութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի պահակներուն եւ հրշէջներու Պէյրութի մասնաճիւղին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աուն վաղը` չորեքշաբթի, 30 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին:


