Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն-Ապտոլլահեան Հանդիպում. Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Արձանագրուելիք Որեւէ Դրական Քայլ` Շրջանին Եւ Աշխարհին Խաղաղութիւն Ու Կայունութիւն Պիտի Բերէ

March 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուելիք որեւէ դրական քայլ` շրջանին եւ աշխարհին խաղաղութիւն ու կայունութիւն պիտի բերէ:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսի` նկատի ունենալով անոնց դերակատարութիւնը շրջանային եւ միջազգային առումով:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին, որ յատկապէս տագնապալի օրերուն  լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը կը պահէ: Ան բարձր գնահատեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին Լիբանանին տրամադրուած Իրանի օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ իր ողջոյնները փոխանցեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին:

Նախագահ Աուն ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Լիբանանի ու անոր տնտեսութեան վրայ անոր ունեցած վատ անդրադարձին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ տեղահանուածները Լիբանանի համար ընկերային եւ նիւթական բեռ դարձած են, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ այլեւս ապահով շրջաններ կան, եւ սուրիացի քաղաքացիները կրնան տունդարձ կատարել:

Նախագահ Աուն անկարկեց նաեւ Լիբանանի վրայ Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին ունեցած հետեւանքներուն` մաղթելով, որ այդ տագնապը կարելի ըլլայ երկխօսութեան ճամբով լուծել:

Իր կարգին, Ապտոլլահեան Ռայիսիի ողջոյնները յայտնեց նախագահ Աունին` բարձր գնահատելով անոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:

Ապտոլլահեան նախագահ Աունին ներկայացուց Վիեննայի բանակցութիւններն ու իրանեան-սէուտական երկխօսութեան մանրամասնութիւնները` լաւատեսութիւն յայտնելով զոյգ բանակցութիւններուն ունենալիք արդիւնքներուն մասին:

Ան նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Ապտոլլահեան շեշտեց նաեւ Թեհրան-Պէյրութ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Իրան պիտի շարունակէ տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ կատարել Լիբանանին:

Ապտոլլահեան այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` ընկերակցութեամբ Իրանի դեսպանին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ապտոլլահեան այցելեց նաեւ Ղպէյրիի մէջ գտնուող Դիմադրութեան նահատակ ղեկավարներէն Իմատ Մուղնիէի դամբարանը:

Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Իրան պատրաստ է ամէն գնով օժանդակելու Լիբանանին, անոր կազ տրամադրելու, ինչպէս նաեւ երկու ելեկտրակայան կառուցելու` հարաւային եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

Ապտոլլահեան նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին ինք այս առաջարկը վերահաստատած է: «Միքաթի այդ առաջարկը ողջունեց եւ այդ աշխատանքը սկսելու ժամանակին մասին հաստատեց, որ անիկա կախեալ է հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյանալիք համաձայնութենէն», ըսաւ Ապտոլլահեան:

 

 

Նախորդը

Քաթարի Մէջ. «Ծոցի Երկիրները Մեր Կողքին Են Եւ Լիբանանի Հետ Իրենց Յարաբերութիւնները Պիտի Վերահաստատեն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Մինչ Դատական Գործընթացը Կը Սպառնայ Անդամալուծել Երկիրը` Վառելանիւթի Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.