Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 30, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 321 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.600 լ. ոսկիի:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան բարձր գնահատեց քուէյթեան միջնորդութիւնը, որուն շնորհիւ Լիբանանին արտօնուեցաւ իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս գալ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 5000 լ. ոսկիով, մազութը` 3000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 10.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինին սակը 475.000 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը`  486.000 լ. ոսկի, մազութը` 552.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 329.000 լ. ոսկի:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ճորճ Պուչիքեան յայտնեց, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին երկրին սննդեղէնի ապահովութեան հարցը քննարկումի առարկայ պիտի դառնայ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ ցորենի արտադրութեան ամբողջական ծրագիրը կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի` աւելցնելով, որ այս իմաստով պէտք է ուղղակիօրէն Սուրիոյ հետ բանակցիլ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ խորհրդարանին մեծամասնութեան կը փափաքին տիրանալ` թշնամի Իսրայէլին հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար: «Արտաքին թշնամիներուն ուղղելիք մեր պատգամը այն է, թէ ի՛նչ քայլի ալ դիմէք, մենք պիտի շարունակենք տոկալ», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ յայտնեց, որ Պէյրութի նահանգապետը, հակառակ իր պարկեշտութեան, երբեմն կ՛ենթարկուի շինծու ճնշումներու, եւ այդ պատճառով ալ կու տայ այնպիսի որոշումներ, որոնք կը ծառայեն կարգ մը հանրածանօթ անձնաւորութիւններու շահերուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ հաստատեց, որ նախարարներուն եւ վարչապետին կողմէ դատաւորներն ու ընդհանուր դատախազը պաշտօնազրկելու կարելիութեան քննարկումը շատ վտանգաւոր է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն պաշտպանելու երկրին իշխանութեան առաքելութիւնը հասած է իր աւարտին:

ԻՐԱՒԱԲԱՆ Ուատիհ Աքըլ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ անոր զօրակցողները քաջ գիտեն, թէ իրենք զիրենք պաշտպանելու անկարող են, «իսկ կառավարութիւնը պէտք է արագօրէն փնտռէ Սալամէն փոխարինող մը», ըսաւ Աքըլ:

 

 

Նախորդը

Ազգային Միասնականութիւնը. Խոչընդոտներ Եւ Զանոնք Յաղթահարելու Միջոցներ

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Լիբանան Վերադարձին Մասին Տեղեակ Չենք, Սակայն Քուէյթի Դեսպանը Պիտի Վերադառնայ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?