Մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը երեքշաբթի, 31 մայիս 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հրաւիրեց լիագումար նիստի մը` ընտրելու համար խորհրդարանի նախագահն ու դիւանը, սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը հասաւ 36.000 լ. ոսկիի:
Նկատի ունենալով առողջապահութեան մարզին գոյութիւնը վտանգող սպառնալիքները, երէկ նոյն մարզի ներկայացուցիչները գործադրեցին բողոքի նստացոյց մը Կեդրոնական դրամատան դիմաց:
Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն երէկ Կեդրոնական դրամատան դիմաց կատարուած բողոքի նստացոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն լիբանանեան պետութեան գործադրած նիւթական վայրագ քաղաքականութիւնը, որուն գործադրութիւնը կը կատարուի պատճառաբանելով լիբանանեան դրամանիշի արժէքին պահպանումը:
«Հիւանդանոցները անկարող են բաւարար դրամ ապահովել` շարունակելու համար իրենց աշխատանքը, իսկ առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն իրաւունքները անբաւարար են` իրենց ապրուստը ապահովելու: Անէ՛ծք այն պետութեան, որուն բժիշկները փողոց կ՛իջնեն` պահանջելու իրենց իրաւունքները, հիւանդանոցներուն մէջ իրենց հիւանդները բուժելու փոխարէն», շեշտեց Հարուն:
Յայտնենք, որ ընդառաջելով Լիբանանի սեփական հիւանդանոցներու սենտիքային յայտարարած գործադուլի որոշումին, Քուրայի մէջ Հայքալ եւ Պըրժի հիւանդանոցները 48 ժամուան համար պիտի փակեն իրենց դռները` կասեցնելով իրենց արտաքին գրասենեակներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ վիրահատութիւններու բաժանմունքը. անոնք պիտի շարունակեն գործել միայն շտապ օգնութեան բաժանմունքով:
Բժիշկներու Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի սենտիքաները իրենց կարգին միացան բողոքի նստացոյցին եւ փակեցին Կեդրոնական դրամատան դիմաց գտնուող ճամբան:
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ 3000 բժիշկներ եւ 3000 հիւանդապահներ մեկնած են Լիբանանէն` աւելցնելով, որ իրենց նպատակը դրամատուները սնանկացնել չէ, այլ` զանոնք պաշտպանել, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներուն իրաւունքները պաշտպանել:
Ապու Շարաֆ հաստատեց, որ հիւանդանոցները ի վիճակի չեն իրենց պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը վճարելու:
Ան հաստատեց, որ իրենք կը հաւատան Լիբանանին եւ կը փափաքին ապրիլ հոս` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կը պահանջեն նուազագոյնը արժանապատուութեամբ ապրիլ այս երկրին մէջ: «Կարելի չէ դրամատուներուն հետ շարունակել ներկայիս տիրող յարաբերութեամբ: Հետեւաբար կը պահանջենք բոլորէն, որ լաւապէս գործակցին մեզի հետ` շրջանցելու համար այս դժուար փուլը», ըսաւ Ապու Շարաֆ` աւելցնելով, որ բոլոր հիւանդանոցները պիտի շարունակեն փակ մնալ նաեւ այսօր:
Իր կարգին, Լեռնալիբանանի հիւանդանոցի տնօրէն Նազիհ Ղարիոս հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ մեծ թիւով հիւանդանոցներ կը գտնուին փակուելու սեմին, եթէ կացութիւնը ներկայ ընթացքով շարունակուի:
Ղարիոս շեշտեց, որ բողոքի այս նստացոյցը առողջապահութեան մարզին կողմէ արձակուած արդար ճիչ մըն է` Կեդրոնական դրամատան եւ անոր պատասխանատուներուն դէմ:
Ան ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը իր կարգին պէտք եղած դերակատարութիւնը չ՛ունենար` լուծելու համար տիրող հարցերը:
Հիւանդապահներու սենտիքայի նախագահ Ռիմա Սեսին յայտնեց, որ սենտիքան կը զօրակցի բողոքի նստացոյցին եւ յայտարարուած գործադուլին: Ան շեշտեց, որ պաշտօնեաները անկարող են ստանալ իրենց աշխատավարձերը, իսկ դրամատուները աշխատավարձերը ստանալու իմաստով սահմանափակումներ ճշդած են:
Սեսին կոչ ուղղեց հիւանդանոցներուն, որ իրենց պաշտօնէութեան վճարումները ուղղակի կատարեն, առանց դրամատուներուն: «Տիրող ներկայ պայմանները կը քաջալերեն բոլոր լիբանանցիները` երկրէն արտագաղթելու», հաստատեց ան:
Իր կարգին, փուռերու սեփականատէրերու սենտիքան բողոքի նստացոյց մը կազմակերպեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելով ալրաղացներուն ցորեն ապահովել եւ արաբական հացի կապին համար ճշդել ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին համապատասխանող սակ մը:
Նստացոյցին ընթացքին սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմ յայտնեց, որ փուռերը տակաւին բնականոն իրենց աշխատանքը կը կատարեն, սակայն այդ աշխատանքը կարելի չէ շարունակել, որովհետեւ կարգ մը ալրաղացներ կասեցուցած են ալիւրի յանձնումը:
Իպրահիմ շեշտեց, որ այդ ալրաղացներէն մեծագոյնը կը նկատուի հարաւային Լիբանանի մէջ գործող գործարանը, որ շուկային ալիւրի 40-50 առ հարիւրի կարիքը կ՛ապահովէ:
Ալի Իպրահիմ շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդին ընթացքին որոշուած ցորենի օժանդակութեան գործիքակազմը չէ գործադրուած: «Չկան պատասխանատուներ, որոնք ժողովուրդին կարիքը գիտեն, այլ միայն ամբոխահաճոյ յայտարարութիւններ կը կատարեն», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով ցորեն գնելու նպատակով Միջազգային դրամատան տրամադրած վարկին` Ալի Իպրահիմ տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ո՞ւր է վարկը: Նման յայտարարութիւններ լոկ կարգախօսներ են, տակաւին կարելի չէ եղած այդ վարկը ստանալ: Այդ պատճառով ալ կարելի չէ նաւերուն մէջ գտնուող ցորենը ստանալ»:
Իպրահիմ հաստատեց, որ արաբական հացին նկատմամբ պետական օժանդակութեան պէտք չէ վերջ տալ:
Հանրային փոխադրութեան վարորդները կէսօրուան ժամը 1:00-ին փակեցին Ռինկ – Կեդրոնական Պէյրութ մայրուղին` բողոքելով տիրող տնտեսական պայմաններուն դէմ: Աւելի ուշ նոյն բողոքի ցոյցն ու ճամբաներու փակումը գործադրուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց:
Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ վերահաստատեց, որ բջիջային հեռաձայնի սակին համար որդեգրուած յաւելումներուն նպատակն էր այդ մարզը պահպանել եւ չարտօնել անոր փլուզումը:
«Ճիշդ է, որ տրուած որոշումը լեղի է քաղաքացիին համար, սակայն չեմ կարծեր, որ ժողովուրդը պիտի ներէր ինծի, եթէ հաղորդակցութիւնը ամբողջութեամբ կանգ առնէր», ըսաւ ան:
Նշենք նաեւ այն իրականութիւնը, որ Դրամատուներու միութիւնը կը մերժէ կառավարութեան վաւերացուցած Տնտեսական եւ նիւթական ապաքինումի ծրագիրը` հաստատելով, որ նախարարաց խորհուրդի ծրագիրը համազօր է մատիտի այն շարժումին, որ մէկ գիծով կը ջնջէ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները:
Այս բոլորին առընթեր, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 երկիրները միաձայնութեամբ պահանջեցին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը` նկատի ունենալով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները աւարտած են:
Այդ երկիրներուն ստորագրած յայտարարութեան մէջ Լիբանանէն պահանջուեցաւ նաեւ գործադրել բարեկարգումները, որոնց շարքին նաեւ վաւերացնել 2022-ի պետական ամավարկը:
«Կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանին` իր նոր կազմելիք կառավարութեան ընդմէջէն շարունակելու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ առիթ տալու, որ իգական սեռը նկատառելի կշիռով ներկայացուած ըլլայ նոր կառավարութեան մէջ: Ապահովութեան խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ, որ 4 օգոստոս 2000-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին անկախ, պարկեշտ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարուի` արդարութիւն բանեցնելու եւ լիբանանցիներուն ձգտումները իրականացնելու նպատակով», կը նշէ յայտարարութիւնը:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկիրը կրնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական նստաշրջանին աւարտին հասնիլ` մնալով առանց կառավարութեան նոր կազմի մը:
Ան 14 մարտի քաղաքական ուժերը ուղղակի պատասխանատու նկատեց սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան ժամանումին:
«Յստակ է, որ կ՛ուղղուինք դէպի հիմնադիր խորհրդաժողով, իսկ Հըզպալլա հզօր ներկայութիւն է ամբողջ երկրին տարածքին», հաստատեց ան:
Մքերի նկատել տուաւ, որ քրիստոնեաներուն խաղաղութիւնը ուրիշներուն նկատմամբ անոնց բաց ըլլալուն մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահ դառնալու բոլոր յատկանիշները ունի: