Դիմադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան տօնին առիթով նախանցեալ օր արձանագրուեցան շարք մը կեցուածքներ ու տեսակէտներ, որոնք ընդգծեցին Դիմադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այդ տեսակէտներուն շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան 22-րդ տարեդարձը կը փաստէ, թէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը կարող էր զգետնել թշնամին` աւելցնելով, որ անիկա առանձինն կարող էր փրկել Լիբանանը:
Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմանները պէտք չէ արգիլեն 2000-ի յաղթանակով ուրախանալու եւ հպարտանալու լիբանանցիներուն զգացումները:
«Այս տօնը նշող լիբանանցիները կը ձգտին Լիբանանը ամբողջութեամբ ազատագրուած տեսնել, սկսեալ` Մազարեհ Շեպաայէն, հասնելով մինչեւ Քֆարշուպայի բարձունքներ եւ Ղաժար գիւղաքաղաք», յայտնեց Սլիմ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այս առիթով յայտնեց, որ
պէտք է ցոյց տալ, թէ ո՛վ դիմադրեց բռնագրաւումին եւ ո՛վ դասալքութիւն գործեց իր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ: «Ատիկա պէտք է կատարել ոչ թէ վէրքերը դարձեալ արիւնելու նպատակով, այլ պարզապէս ցոյց տալու, թէ ո՛վ է իսկական գերիշխան կողմը: 2000-ի յաղթանակը կոտրեց իսրայէլեան բանակի պատկերն ու Մեծն Իսրայէլ մը կերտելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ յոյս ներշնչեց պաղեստինցիներուն` ազատագրելու իրենց հայրենիքը:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը արձանագրուած յաղթանակն ու նուաճումը չէ իւրացուցած, որովհետեւ ան իշխանութեան համար չէ պայքարած, այլ` հողին, ժողովուրդին եւ ազգային արժանապատուութեան համար:
Ան նշեց, որ 1982-ին Դիմադրութիւնը այնքան հզօր չէր, ինչպէս այսօր` զինուորապէս, քաղաքական առումով եւ ժողովրդականութեամբ: «Իսկ անոր ներքին եւ շրջանային պայմանները աւելի լաւ չէին, որպէսզի թիւրիմացութիւն չպատահի` որոշում տալու առումով, եւ թող մնայ երկիր մը կամ պետութիւն մը, որ մեզմէ պահանջէ մեր զէնքը պետութեան յանձնել», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ 2000-ի ազատագրումը Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն նուաճումներէն է` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի երկու ընտրանքի դիմաց` հզօր եւ ոսկեայ իր տարազով հարուստ Լիբանանը, որ կրնայ պահպանել իր բնական հարստութիւնները, եւ կամ` տկար եւ մուրացիկ Լիբանանը:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի ուժը անոր տկարութեան մէջ է տարազը խիստ մերժելի է:
«Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը կարելի է լուծել միայն անոր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական նաւթով եւ կազով: Կոչ կ՛ուղղեմ այդ հարստութիւնը պաշտպանելու եւ արտահանելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք գիտէ, թէ այդ քայլին դիմելու համար յանդգնութեան կարիքը կայ:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց երկրին տագնապները լուծելու, որպէսզի նախ կարելի ըլլայ բանակն ու պետութիւնը պահել, ապա պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկել: «Իսկ եթէ կը փափաքիք ամէն բան միասնաբար քննարկել, ապա բարի եկած էք», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով իսրայէլեան ռազմափորձի աւարտին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ ռազմափորձը աւարտելուն տակաւին 10 օր կայ` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ կը հսկէ երկրին սահմաններուն: