ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 66 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 32.500 լ. ոսկիի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 4.000 լ. ոսկիով, մինչդեռ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 66.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 40.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը հասաւ 601.000 լ. ոսկիի, 98 օքթան պենզինի սակը` 612.000 լ. ոսկիի, մազութը` 574.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 358.000 լ. ոսկիի:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ նախարարութիւնը գումակային եւ կրթական մակարդակներով պատրաստ է Լիբանանի պետական քննութիւնները կայացնելու:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Իրվինկ Նուիպըրի հետ: Քննարկուեցաւ երկկողմանի գործակցութիւնը` տարբեր մարզերուն մէջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանան իսկական փրկութեան կարիք ունի` նկատի ունենալով հետզհետէ վատթարացող անոր տնտեսական կացութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ օրէնքի եւ արդարութեան պետութիւնը կարելի չէ հիմնել` առանց անկախ գործող եւ կողմնակալութենէ հեռու դատական իշխանութեան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա առաջարկեց կանխահաս նախագահական ընտրութիւններ կատարել, այսինքն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական նստաշրջանի աւարտէն չորս ամիս առաջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող դեղորայքի արտադրութեան ընկերութիւններու սենտիքան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ այն տարաձայնութիւնները, թէ դեղորայք արտադրող գործարանները կասեցուցած են իրենց աշխատանքը:


