Հետզհետէ Շեշտուող Տագնապներու Լոյսին Տակ. Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին Յետընտրական Փուլի «Դասաւորման» Գծով
Հակառակ անոր որ շաբաթ մը անցած է արդէն լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն, այսուհանդերձ քուլիսային խօսակցութիւնները կը շարունակուին երկրի պատկան կողմերուն միջեւ: Արդարեւ, նորընտիր խորհրդարանը «ծանրաբեռնուած» է մէկէ աւելի ժամկէտներու իրագործման նախապատրաստութեամբ: Այդ ժամկէտները հիմնականին մէջ սահմանադրական անխուսափելի քայլեր են, ինչպէս` խորհրդարանի նախագահի եւ փոխնախագահի ընտրութիւն, կառավարութեան կազմութիւն, աւելի ուշ` յառաջիկայ տարի` քաղաքապետական ընտրութիւններ, եւ կարեւորագոյնը` նախագահական ընտրութիւն հոկտեմբեր 2022-ին: Գաղտնիք չէ...




















