Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայկական Զօրամասի Հերթափոխի Դրօշը Յանձնելու Պաշտօնական Արարողութիւն

Մայիս 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Զօրամասը Անթերի Ծառայութիւն
Իրականացուցած Է Շամաայի Մէջ

Երկուշաբթի, 23 մայիս 2022-ին, հարաւային Լիբանանի Նաքուրա շրջանի Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու արեւմտեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կազմի հայկական զօրախումբի հերթափոխի դրօշի յանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը:

Հանդիսաւոր այս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ դեսպանութեան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանի, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան Բ. քարտուղար Ստեփան Գէորգեանի:

Դեսպան Աթաբէկեան այցելութեան սկսաւ ողջունելով հայկական զօրախումբը, ապա հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու արեւմտեան կեդրոնի հրամանատար զօր. Մասսիմիլիանօ Սթեքքայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Սթեքքա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան` միջազգային եւ շրջանային խաղաղութեան բերած անոր ներդրումին համար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ հետագայ համագործակցութեան հաւանական հեռանկարները:

Հայկական զօրախումբի հերթափոխի դրօշի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը սկսաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք:

2014-ի նոյեմբերէն ի վեր ՖԻՆԻՒԼ-ի ընտանիքին մաս կազմող հայկական խաղաղապահ ուժերուն մասին ընդհանուր ներկայացումէն ետք, Լիբանանի մէջ վեցամսեայ խաղաղապահ առաքելութիւնը աւարտած հայկական զօրախումբի հրամանատար հազարապետ Հայկազ Մկրտչեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հայկական խաղաղապահ ուժերուն համար պատիւ էր ծառայել Լիբանանի մէջ:

«Մեզի համար այսօր շատ կարեւոր օր է, եւ մենք հպարտ ենք պատասխանատուութիւնը հայկական նոր զօրախումբին յանձնելու: Յոյսով ենք, որ մեր ջանքերը շահաւէտ էին ՖԻՆԻՒԼ-ի Արեւմտեան հատուածին, ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ Լիբանանին: Կը մաղթենք, որ Լիբանան ապրի խաղաղութեան եւ փառքի մէջ», ըսաւ ան եւ ողջունեց հայկական նոր զօրախումբը` յաջողութիւն մաղթելով անոր հրամանատար հազարապետ Դերենիկ Արտեմեանին:

Զօր. Մասսիմիլիանօ Սթեքքա ծառայութիւնը աւարտած հայկական զօրախումբի անդամները պարգեւատրեց ՄԱԿ-ի շքանշանով:

Իր արտասանած խօսքին մէջ, զօր. Սթեքքա հաստատեց, որ հազարապետ Մկրտչեան ապրիլ ամիսէն ի վեր իր ստորաբաժանումը ղեկավարեց մեծ ոգեւորութեամբ, արհեստավարժութեամբ եւ բարձր գիտակցութեամբ: «Իբրեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Արեւմտեան հատուածի կրտսեր հրամանատարներէն մէկը` հազարապետ Մկրտչեանը համագործակցած է շտապային գումարտակի հրամանատարներուն հետ` լաւագոյնս պաշտպանելու համար կեդրոնը: Հազարապետ Մկրտչեան եւ հայ զինուորները պատասխանատու կերպով եւ նուիրուածութեամբ ու շարունակական աշխատանքով արտօնած են, որ կեդրոնին մէջ գտնուող բոլոր զինուորները անվտանգ

ապրին ու աշխատին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, ձեր նուիրուածութեան ու պատրաստուածութեան համար, որուն շնորհիւ ապահոված էք ուշագրաւ արդիւնքներ», ընդգծեց զօր. Սթեքքա:

Ան ողջունեց նաեւ հայկական նոր զօրախումբն ու անոր հրամանատարը եւ հաստատեց, որ ինք վստահ է, թէ անոնց գործունէութեան ընթացքին անոնք կը ծառայեն ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ Լիբանանի համար նոյնքան նուիրուածութեամբ ու արհեստավարժութեան նոյն մակարդակով:

Զօր. Սթեքքա իր խօսքը աւարտեց հայերէնով արտասանելով հետեւեալը. «Միասին յանուն խաղաղութեան»:

Ապա զօր. Սթեքքա ՖԻՆԻՒԼ-ի դրօշը ստանձնեց հազարապետ Մկրտչեանէն ու զայն յանձնեց հազարապետ Արտեմեանին:

Պաշտօնական արարողութենէն ետք, դեսպան Աթաբէկեան հայկական զօրախումբի անդամներուն հետ հանդիպումին ընթացքին բարի ծառայութիւն մաղթեց նոր ժամանած խումբին, իսկ հերթափոխը յանձնած գումարտակին ծառայութիւնը բարձր գնահատեց` նկատի ունենալով անոնց վաստկած վարկը` անթերի ծառայութեան համար:

Իր կարգին, գնդապետ Մուշեղեան շնորհակալութիւն յայտնեց զինուորներուն` կարգապահ ծառայութեան համար: «Հայաստանի Հանրապետութեան համար պատիւ է ձեր ծառայութիւնը, որուն մասին միշտ բարձր մակարդակով կ՛արտայայտուին բոլոր հրամանատարութիւնները», հաստատեց ան:

Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` պատրաստուած ՖԻՆԻՒԼ-ի Արեւմտեան կեդրոնի հրամանատարութեան կողմէ, ի պատիւ հայկական զօրախումբին` գնահատելով անոր արհեստավարժ ու անթերի ծառայութիւնը:

Դեսպան Աթաբէկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական զօրախումբը ուշադրութեան կեդրոն դարձնելու առիթով: «Իբրեւ դեսպան հպարտ եմ եւ կը յուսամ, որ հայկական խաղաղապահ այս ուժերուն ներկայութեան այս երկիրներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ հազարապետ Հայկազ Մկրտչեան «Ազդակ»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց իր զինուորականներուն, վերադաս հրամանատարութեան, դեսպանութեան եւ զինուորական կցորդին հետ հեզասահ գործակցութեան համար:

«Հայկական զօրախումբի անցնող վեց ամսուան ծառայութիւնը կը գնահատեմ լաւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իտալական հրամանատարութեան, որուն հետ աշխատանքը շատ հաճելի էր: Շնորհակալ ենք նաեւ մեր նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյ եւ հոգատարութեան համար: Շնորհակալ ենք, որ լիբանանահայ համայնքը կայ, եւ մենք կարող ենք հպարտանալ, որ մենք հայ ենք ու կը կռուինք հայկական դրօշով», շեշտեց ան:

Հայկական զօրախումբին մաս կազմող զինուորներէն Յասմիկ Բարսեղեան «Ազդակ»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 2008-էն ի վեր սկսած է խաղաղապահ ուժերու իր ծառայութիւնը, կը հաստատէ, որ երկու սեռերուն համար ծառայութիւնը նոյնն է` հաւասարէ հաւասար:

Ան ընդգծեց, որ ծառայութեան մէջ ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցած է, ամէն ինչի զգաստ եղած է` աւելցնելով, որ միակ դժուարութիւնը ընտանիքի կարօտն է:

«Մենք մեր հայրենիքի դրօշը կը կրենք եւ պարտաւոր ենք հպարտութեամբ ու անկեղծութեամբ ծառայելու գումարտակին, որպէսզի պատուով ու ճակատաբաց վերադառնանք տուն», յայտնեց ան:

ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն ներկայիս մաս կազմող հազարապետ Դերենիկ Արտեմեան «Ազդակ»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ իրենք միասնաբար բոլոր դժուարութիւնները պիտի կարենան յաղթահարել, պատշաճ լուծումներ գտնել` որեւէ դժուարութեան դէմ դնելու եւ պատուով դուրս գալու իմաստով:

Ան ընդգծեց, որ դեսպանութեան հետ կապը ամուր է եւ մնայուն գործակցութեան իբրեւ արդիւնք հայ խաղաղապահներու նոր զօրախումբը նոյն ձեւով կը շարունակէ ծառայել:

«Լիբանանահայ համայնքին հետ ծանօթացումը փափաքելի է եւ սերտ կապեր ստեղծելը անհրաժեշտ», նշեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ընդդէմ Թշնամիին Ձեր Դիմադրութիւնը Անկարելի Պիտի Ըլլար Իրականացնել, Առանց Ներքին Կայունութեան Պահպանումին» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?