Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթըն Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները

June 2, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ շնորհաւորեց լիբանանցիները` երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը ապահովելու առիթով:

Վրոնեցքա շնորհաւորեց Պու Հապիպը նաեւ խորհրդարանի նախագահի, փոխնախագահի եւ դիւանի երէկուան ընտրութեան նիստին ընթացքին ժողովրդավարական մթնոլորտ տիրելուն առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պու Հապիպի Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք եւ Պրիւքսել կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ փուլին կատարուելիք կառավարութեան կազմութիւնը, պահանջուած բարեկարգումներու գործադրութիւնը, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու շարունակութիւնն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը:

Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուն, որուն հետ քննարկեց կիպրական-իսրայէլեան միացեալ ռազմափորձերուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս իսրայէլեան մամուլին մէջ նշուած այն տեղեկութիւնները, թէ միացեալ այդ ռազմափորձերը ուղղուած են Լիբանանի դէմ:

Քիրիաքու կտրականապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնները` հաստատելով, որ այդ ռազմափորձերուն նպատակն է կիպրական սահմանապահ ուժերը մարզել` Կիպրոսի սահմանները պաշտպանելու:

Քիրիաքու ընդգծեց, որ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը` բացատրելու համար այդ ռազմափորձերուն նպատակը:

Պու Հապիպի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքիշին, որ շնորհաւորեց Պու Հապիպը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման առիթով: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան վարչական համակարգին եւ նախարարութիւններուն Ճափոնի տրամադրելիք օժանդակութիւններուն կարելիութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Թլայս. «Հինգշաբթի, 23 Յունիսը` Ցասումի Օր»

Յաջորդը

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութեան Հետապնդումներուն Ընթացքին Երեք Հոգի Կը Վիրաւորուի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.