Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական եւ խաղաղութեան հարցերու օգնական Մոհամետ Խալետ Խայարին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ օգոստոսին հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող հարցեր:
Խայարի շեշտեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը կ՛իյնայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին ներկայացնելիք իր տեղեկագիրին պատրաստութեան շրջագիծին մէջ:
Սլիմ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ եւ յանձնառու է հարաւի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան, որ կը գործադրուի լիբանանեան բանակին հետ ամբողջական գործակցութեամբ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը փափաքի վերանորոգել ՖԻՆԻՒԼ-ի պաշտօնավարութեան շրջանը` առանց անոր իրաւասութիւնները կամ թիւը փոփոխութեան ենթարկելու:
ՖԻՆԻՒԼ–ը Նշեց Խաղաղապահներու
Միջազգային Օրը
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը նախանցեալ օր Նաքուրայի մէջ նշեցին Խաղաղապահներու միջազգային օրը` ներկայութեամբ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ զօր. Լազարոյի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ` հարաւային Լիբանանի հրամանատար Ռոժէ Հըլուի, հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուրի Տաուի ներկայացուցիչ` Սուրի գաւառապետ Մոհամետ Ժաֆալի, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններու, հոգեւորականներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի պաշտօնէութեան:
Ձեռնարկը սկսաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին ծաղկեպսակի զետեղումով:
Ապա զօր. Լազարօ իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ պէտք է գոհունակ զգալ, որովհետեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կրցած են հակակշիռի տակ առնել այնպիսի կացութիւններ, որոնք կրնային լուրջ բախումներու վերածուիլ եւ սահմանային Կապոյտ գիծը վտանգի ենթարկել:
Զօր. Լազարօ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հիմնական նպատակն է պահպանել սահմանային կայունութիւնը, որուն կը հսկեն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, ինչպէս նաեւ մղել, որ սահմանին երկու կողմերը գտնուող ուժերը ինքնազսպումի քայլերու դիմեն` պահպանելու համար սահմանային խաղաղութիւնը:
«Նախորդ 44 տարիներուն ընթացքին չէ եղած դէպք մը, որ յուսալքումի մատնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը եւ զանոնք մղէ հեռանալու խաղաղապահի իրենց առաքելութենէն: Մեր յանձնառութիւնը աւելի քան հզօր է այսօր` այս դժուար պայմաններուն ընթացքին պահպանելու սահմանային կայունութիւնը», հաստատեց ան:
Զօր. Լազարօ բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան բանակին հետ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի ռազմավարական գործակիցն է, եւ իրենց միջեւ աշխատանքի մնայուն համադրում գոյութիւն ունի:
Իր կարգին, խօսք առաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի, որ յայտնեց, թէ միջազգային խաղաղապահ ուժերը տիւ ու գիշեր կ՛աշխատին պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը` հակառակ կողմերէն ոեւէ մէկուն արձանագրած ոտնձգութիւններուն:
Ան աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը մտահոգ են, որ արձանագրուած ոտնձգութիւնները կրնան հետեւանքներ ունենալ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վրայ:
«Մեր հիմնական մարտահրաւէրը թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնն է», ըսաւ ան:


