Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Այսօր Կ՛ընտրէ Իր Նախագահը

Մայիս 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը այսօր` երեքշաբթի, 31 մայիս 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, պիտի գումարէ լիագումար նիստ մը` ընտրելու համար իր նախագահը, փոխնախագահն ու դիւանը:

Նիստը պիտի գումարուի խորհրդարանին մէջ:

Մինչ տեղեկատուական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ քուէներու բաւարար մեծամասնութեամբ Նեպիհ Պըրրի պիտի վերընտրուի խորհրդարանի նախագահ, անցեալ շաբաթավերջին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իբրեւ համախմբում երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի թեկնածութիւնը կ՛առաջադրեն` խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին համար:

Պու Սաապի թեկնածութեան յայտարարուելէն ետք, ան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումներն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պու Սաապ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, Պու Սաապ այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իբրեւ խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածու բնական է, որ խորհրդակցի Պըրրիի հետ, որուն ընտրութիւնը հաստատ է:

«Ես կը խորհրդակցիմ բոլորին հետ, նոյնիսկ երեսփոխանական այն պլոքներուն հետ, որոնք կը մերժեն քուէարկել ի նպաստ իմ թեկնածութեանս, իսկ դաւադրութեան մասին տեսութիւնները ծիծաղելի կը թուին ինծի», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ իր հանդիպումները երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն հետ:

Պու Սաապ շեշտեց, որ ինք միշտ կապի մէջ եղած է Պըրրիի հետ` աւելցնելով, որ հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն եւ տարբեր դիտանկիւններուն, իրենց միջեւ յարաբերութիւնը հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ:

«Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին ո՛չ նախարարութիւններուն, ո՛չ կառավարութեան եւ ո՛չ ալ փոխանակումներու եւ սակարկութիւններու մասին քննարկումներ կատարուեցան», հաստատեց ան:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի չքուէարկէ յօգուտ Պըրրիի թեկնածութեան, սակայն համախմբումին անդամները ազատ պիտի ըլլան իրենց կողմնորոշումին մէջ:

Նշենք, որ կիրակի, 29 մայիսին, անկախ երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին համար:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, որ ամբողջ երկրին տարածքին վերջ տան ուրախութեան առիթով կրակելու սովորութեան, յատկապէս խորհրդարանի նախագահի այսօրուան ընտրութեան առիթով:

«Նախապէս պատահած են դէպքեր, որոնց ընթացքին ուրախութեան համար արձակուած փամփուշտները վիշտ պատճառած են` սպաննելով կամ վիրաւորելով ուրիշներ: Թող իւրաքանչիւր լիբանանցի գուրգուրայ իր եղբայր քաղաքացիին եւ անոր անվտանգութեան», շեշտեց Պըրրի:

Պըրրի երէկ կէսօրին նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանի այսօրուան նիստին վերաբերող հարցեր:

Նիստէն ետք երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պլոքը պատրաստ է բոլորին հետ բաց գործակցութեան` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն փրկութեան ի խնդիր:

Հաշեմ յայտնեց, որ պլոքը որոշումներ տուաւ խորհրդարանին մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան ընտրութեան գծով:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ օտար դիւանագիտական աղբիւրներ հաստատեցին իրենց հանգստութիւնը` Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն նկատմամբ:

Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ պէտք է անյապաղ կազմել նոր կառավարութիւնը, որովհետեւ Լիբանանի ելեւմտական կացութեան լուծում գտնելը անյետաձգելի է, եւ պէտք է շարունակել Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծեն Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

Երէկ յետմիջօրէին ի յայտ եկաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը ծրագրէ 19 յունիսի Ֆրանսայի երեսփոխանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք այցելել Լիբանան: Այս առումով Մաքրոն Լիբանանի տագնապին հետեւող ֆրանսական պաշտօնական անձնակազմէն խնդրած է Լիբանան իր այցելութիւնը կազմակերպել, որովհետեւ ան կը փափաքի, որ իր այցելութիւնը ըլլայ վճռորոշ` լիբանանեան տագնապին լուծման առումով, այլ խօսքով` վերջ մը տրուի Լիբանանի փլուզումին, ինչպէս նաեւ կանխարգիլուի հանրապետութեան նախագահի աթոռին թափուր մնալու կարելիութիւնը:

Սեւ Շուկային Մէջ Տոլարին Փոխարժէքը Քանի
Մը Ժամուան Ընթացքին 9 Հազարով Կը Նուազի

Ուրբաթ, 27 մայիս 2022-ին, երբ լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը հասած էր 37.000 լ. ոսկիի, Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց անակնկալ որոշում մը, որուն համաձայն, դրամատուներուն մէջ լիբանանեան դրամանիշով գումար ունեցող քաղաքացիները կրնան դիմել դրամատուն եւ պահանջել, որ իրենց գումարը տոլարով ստանան` «Սայրաֆա» հարթակի սակին հիման վրայ:

Նոյն որոշումը կը նշէր, որ քաղաքացիներուն պահանջը պիտի կատարուի 24 ժամէն:

Կեդրոնական դրամատան կողմէ հրապարակուած նոր որոշումին լոյսին տակ, լիբանանեան սեւ շուկային մէջ տոլարի փոխարժէքը քանի մը ժամուան ընթացքին նուազեցաւ 28.000 լ. ոսկիի:

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հրապարակեց նաեւ այլ հրամանագիր մը, որուն համաձայն բոլոր դրամատուները երկուշաբթի, 30 մայիսէն սկսեալ երեք օրուան համար իրենց դռները բաց պիտի պահեն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00` ընդառաջելու համար քաղաքացիներուն ներկայացնելիք պահանջներուն, ինչպէս նաեւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը ամերիկեան տոլարով վճարելու` «Սայրաֆա»-ի սակին հիման վրայ:

Իր կարգին, Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ դրամատուներէն պահանջեց, որ ընդունին այն չէքերը, որոնք 15.000 տոլարէն աւելի չեն, պայմանով որ այդ գումարը ունեցողին հաշիւին մէջ զետեղուի այդ գումարը եւ ոչ թէ կանխիկ ստանայ կամ դուրս փոխանցէ:

Պայման է նաեւ, որ այդ չէքին վրայ նշուած ըլլայ, թէ ի՛նչ նպատակով տրուած է:

Դրամատուներու միութեան ընդհանուր քարտուղարը պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ բացառութիւններուն գծով եւ պարագայ առ պարագայ պիտի քննէ անձնական հաշիւները:

Պէտք է աւելցնել, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան հրապարակած նոր սակերուն համաձայն, լիբանանեան հացի կապին սակը նուազում արձանագրեց:

Լիբանանեան մէկ կապ հացի սակերն են. փոքր կապ (370 կրամ) 7000 լ. ոսկի, միջակ կապ (875 կրամ) 12.000 լ. ոսկի եւ մեծ կապ (1055 կրամ) 14.000 լ. ոսկի:

Մաուլաուիի Գրասենեակը Կը Յայտարարէ Դէպի Քուէյթ
Քեփթակոնի Մաքսանենգումը Կասեցնելու Գործողութեան Մասին

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի ապահովական ուժերը դարձեալ փաստեցին, թէ արթուն կը հսկեն մաքսանենգումի բոլոր գործողութիւններուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի թմրանիւթի եւ արգիլուած տարբեր իրերու մաքսանենգումի գործողութիւններուն:

Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ապահովութեան ուժերը տեսակարար գործողութեամբ մը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արգիլեցին 18,3 քկ քեփթակոն դեղահատերու մաքսանենգումը դէպի Քուէյթ:

Մաուլաուիի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ սկզբնական հետաքննութեան ընթացքին ի յայտ եկած է, թէ թմրեցուցիչի այդ քանակը մաքսանենգողը

ձերբակալուած է. ան սէուտցի մըն է, որ կ՛ապրի Քուէյթ, եւ անոր մօտ կը գտնուին քուէյթեան ապահովական փաստաթուղթեր:

«Կը հաստատենք, որ աշխատանքը պիտի շարունակուի եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի արաբական շրջանակները պաշտպանելու որեւէ տեսակի վտանգէ:

Լիբանան չարիք եւ մաքսանենգումի անցք կամ մարտկոց պիտի չըլլայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Բժիշկներու Սենտիքայի Ընտրութիւն

Կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան Բժիշկներու սենտիքայի ընտրութիւնները, որոնց հիմամբ Եուսեֆ Պախխաշ ընտրուեցաւ սենտիքայի նախագահ:

Քուէարկող բժիշկներուն թիւը հասաւ 2417-ի, մինչ 9000 բժիշկներ իրաւունք ունէին քուէարկելու:

Ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեցին Ամալ շարժումին, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ կազմուած դաշինքով գոյացած ընտրացանկին 16 անդամներէն 15-ը, իսկ այլ բժիշկ մը` Ժորժ Հապըր, որ այլ ընտրացանկէ էր, դարձեալ յաղթանակ արձանագրեց:

Պախխաշ ստացաւ 750 քուէ, Ժորժ Հապըր` 305 քուէ, իսկ Ղընուա Տաքտուքի` 145 քուէ:

Ընտրութիւններու երկրորդ փուլին Եուսեֆ Պախխաշի քուէներուն թիւը հասաւ 1246-ի:

Բժիշկներու նորընտիր սենտիքայի անդամներն են.

Եուսեֆ Պախխաշ (նախագահ), Ղընուա Տաքտուքի, Սաատ Ալի Ապու Համին, Սուհել Շըքրալլա Շամանտի, Թաղրիտ Հասան Հաժ Ալի, Սարի Հաթեմ Ապտալլա, Մահմուտ Ապպաս Մուսաուի, Ռաֆիք Ալի Սալլում, Ալեն Նապիհ Խալաֆ, Ժաաֆար Ֆատըլ Ապպաս, Փոլ Ժորժ Մաարպես, Տենի Անթանիս Համետ, Ժորժ Ժոզեֆ Եարետ, Ֆիլիփ Ժորժ Եունես, Հապիպ Ժըրժես Հըզքայել եւ Ժորժ Ազիզ Հապըր:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Տողանցքով Եւ Հանդիսութեամբ Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 104-րդ Ամեակը

Յաջորդը

Յայտարարելով, Որ Եթէ Հայաստան Յատուկ Պահանջներ Ներկայացնէ, Իրենք Ալ Կրնան Պահանջներ Ներկայացնել. Ալիեւ. «Հայաստան Համաձայնած Է Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ազրպէյճանի Օրակարգին»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?