Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ օրուան հրահանգը արձակեց Դիմադրութեան եւ ազատագրումի տօնին առիթով:
Ան շեշտեց, որ 25 մայիս 2000-ը հայրենիքի պատմութեան մէջ կը մնայ պայծառ էջ մը, ինչպէս նաեւ յաղթանակի արձանագրութիւններուն մէջ առանձնայատուկ նուաճում մը, որ կ՛անդրադառնայ լիբանանցիներուն պայքարով, կամքով եւ անոնց կորովով թշնամի Իսրայէլը տապալելու ուժին եւ իրենց երկիրը ազատագրելու լիբանանցիներուն ուժին:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումը Լիբանանի ազատութեան, արժանապատուութեան եւ փառքի էջն է, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ բոլորին:
Բանակի հրամանատարը հաստատեց. «ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան նպատակով լիբանանեան սահմանին վրայ ընդդէմ թշնամիին ձեր դիմադրութիւնը անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել առանց ներքին լիբանանեան կայունութեան, ազգային համերաշխութեան պահպանումին: Դուք էք, որ թշնամի Իսրայէլին դիմադրելու մեր իրաւունքը կը պահպանէք եւ կ՛արգիլէք զայն Լիբանանի հողային սահմաններուն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութեան նկատմամբ ախորժակներ ունենալէ»:


