Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:
Շարաֆէտտին նախագահ Աունին ներկայացուց արդիւնքները գաղթականներու հարցերով Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի յանձնակատարին հետ իր ունեցած հանդիպումին, որ կը վերաբերէր սուրիացի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ անոնց տունդարձի մանրամասնութիւններուն:
Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին Պաապտայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին նպատակով կատարուած խորհրդակցութիւնները` թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, թէ՛ ալ սուրիական իշխանութիւններուն հետ:
Շարաֆէտտին հաստատեց, որ բացարձակապէս մերժուած է, որ սուրիացի տեղահանուածներուն արգիլուի անոնց տունդարձը, յատկապէս երբ Սուրիոյ մէջ պատերազմը աւարտած է:
Ան ընդգծեց, որ այս իմաստով Սուրիոյ պետութիւնը գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ:
«Լիբանանեան պետութեան ծրագիրը հիմնուած է ամսական դրութեամբ 15 հազար տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու վրայ: Լիբանան այս իմաստով գաղթականներու հարցերով Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի յանձնակատար Այաքի Էյթուին առաջարկ ներկայացուցած է, եւ վերջինս խոստացած է սերտել լիբանանեան կողմին առաջարկը եւ անոր գրաւոր պատասխանել», ըսաւ ան:
Շարաֆէտտին աւելցուց նաեւ, որ կայ սուրիական պետութեան եւ գաղթականներու հարցերով Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան միջեւ եռակողմանի մարմին մը կազմելու ծրագիր, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Յորդանանի հետ քառակողմանի մարմին մը կազմելու այլ ծրագիր:
Ան շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները կը գործակցին Լիբանանի հետ եւ կը փափաքին դիւրացնել իրենց քաղաքացիներուն տունդարձը` զայն վերածելով ապահով եւ փառաւոր վերադարձի:
Նշենք, որ Շարաֆէտտին երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատտատի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
Շարաֆէտտին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը զգայուն է եւ անոր գերզգայնութիւնը օրըստօրէ կը շեշտուի` երկրին տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն բարդացումով:
Կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան ընթացքին Շարաֆէտտին հանդիպում մը ունենայ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանին հետ` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան դէտերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ճիորճիօ Հոլվինիի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆի:
Հոլվինի նախագահ Աունին ներկայացուց 2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին վերջնական տեղեկագիրն ու բանաձեւերը:
Ան նշեց, որ յանձնախումբը աւարտած է իր աշխատանքը եւ տեղեկագիրն ու բանաձեւերը պատրաստած հիմնուելով իրականութիւններու վրայ:
Հոլվինի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին դէտերու յանձնախումբին ցուցաբերուած օժանդակութեան եւ լիբանանեան պետութեան հետ գործակցութեան համար:
«Տեղեկագիրը աւելի քան 120 էջ է, ինչպէս նաեւ կը բովանդակէ 23 բանաձեւեր, որոնք կը յորդորեն ապագային աւելի լաւ ու յարմար ընտրութիւններ կազմակերպել: Բանաձեւերը կ՛առաջարկեն որոշ բարեփոխումներ, որոնք անհրաժեշտ են երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու առումով», ըսաւ Հոլվինի:
Նախագահ Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հոլվինիի` Եւրոպական Միութեան դէտերու յանձնախումբին իրագործած աշխատանքին առիթով: Ան նշեց, որ եւրոպացի դէտերուն պատրաստած տեղեկագիրին ամփոփ տարբերակը տեսած է եւ անոր մէջ նշմարած ճշմարտութիւններ, ինչպէս` ընտրակաշառքի երեւոյթը, որ կը փճացնէ ընտրութիւններուն արդիւնքը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդի անդամ եւ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի եւ Ֆաթհի ընդհանուր քարտուղար Ֆաթհի Ապու Արտաթի:
Ազզամ Ահմետ նախագահ Աունին փոխանցեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ողջոյնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Լիբանանը` երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առիթով: Ան շեշտեց, որ Ապպաս մեծ վստահութիւն ունի, թէ Լիբանան պիտի կարենայ շրջանցել իր տագնապները եւ պիտի վերադառնայ շրջանին ու աշխարհին մէջ իր կարեւոր դերակատարութիւնը վերստանձնելու:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Միջին Արեւելք այցելութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աուն իր կարգին ողջոյնները փոխանցեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին եւ բարեմաղթութիւնները` պաղեստինցի ժողովուրդին:


