Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Կ՛այցելէ Պըրրիի, Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու, Իսկ Լափիտ Կը Սպառնայ Զսպել Հըզպալլան

July 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը առանցքային է Ֆրանսայի համար` աւելցնելով, որ պէտք է հեռու մնալ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն սպառնացող որեւէ քայլէ:

Մաքրոն այս յայտարարութիւնը կատարեց Իսրայէլի ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Եայիր Լափիտը ընդունելու ընթացքին: Մաքրոն նշեց նաեւ, որ Ֆրանսա կը փափաքի, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող համաձայնութիւնը իրականանայ:

Նշենք, որ Լափիտ նախքան Ֆրանսա կատարած իր այցելութիւնը յայտնած էր, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է զսպէ Հըզպալլան, «այլապէս մենք պիտի ստիպուինք ատիկա կատարել», ըսած էր ան:

Լափիտ Մաքրոնի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի կայունութեան եւ ապահովութեան համար վտանգ կը նկատուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է երաշխաւորէ, թէ Հըզպալլա պիտի չարգելակէ Լիբանանի ծովային սահմանագծումը:

«Հըզպալլա կը սպառնայ շրջանին կայունութեան, եւ մենք անոր կողմէ ձեռնարկուած որեւէ յարձակումի դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնանք», շեշտեց Լափիտ:

ՆՇԵՆՔ, որ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Քարին Հարրար երէկ ուղղաթիռով այցելեց Քարիշի նաւթահորին վրայ զետեղուած նաւթի հարթակը, ուրկէ ան զգուշացուց Հըզպալլան, թէ Քարիշի վրայ յարձակելու որեւէ փորձ պիտի արժանանայ իսրայէլեան տարբեր տեսակի պատասխաններու:

«Իսրայէլի ծովափէն 80 քմ արեւմուտք գտնուող իսրայէլեան տնտեսական ջուրերուն մէջ եղող հարթակէն կազի արտահանումը պիտի սկսի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին», շեշտեց Հարրար:

Միւս կողմէ, երէկ բողոքելով հեռաձայնային հաղորդակցութեան սակերու բարձրացման դէմ, քաղաքացիներ ցոյցեր կազմակերպեցին բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու կեդրոններուն առջեւ: Կարգ մը ցուցարարներ փորձեցին ներխուժել «Թաչ» ընկերութեան շէնք, սակայն բանակը արգելք հանդիսացաւ իրենց, ինչ որ պատճառ դարձաւ բախումի` երկու կողմերուն միջեւ:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Վերականգնման Հարցին Մէջ` Յոյս Եւ Մտավախութիւն

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

RelatedPosts

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ  Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.