Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենցաղային Ապրուստի Եւ Ընկերային Բողոքի Ցոյցերու Վերսկսման Զուգահեռ. Պատկան Պատասխանատուներ Կը Փորձեն Հարցերը «Լուծել» Խօսքով Եւ Գործով

Յուլիս 7, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Քարիշի ուղղութեամբ անօդաչու սարքերու արձակումը եւ ետքը մէկ այլ անօդաչու սարքի մը նկատումը ժխտական տրամադրութիւններ ստեղծած էին հարաւի ջրային սահմանագծումի բանակցութեանց ձախողեցման հաւանականութեան գծով: Մանաւանդ որ այս գծով իսրայէլեան պատկան կողմեր ՄԱԿ-ի պատասխանատուներուն դիմած էին «զգուշացներու» Լիբանանը: Սակայն նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ  լաւատեսութիւն ներշնչեց` ընդգծելով, որ կարճ ատենէն երկու կողմերուն համար նպաստաւոր արդիւնքներու պիտի յանգին ամերիկեան բանագնացի միջնորդութեամբ կայացող խորհրդակցութիւնները: Նախագահ Աունի այս յայտարարութիւնը որոշ չափով հանդարտեցուց նոր պատերազմի մը ծագման մտավախութեամբ ապրող լիբանանցիները:

Դրական այլ քայլ մըն էր նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի խորհրդակցութիւնը Ընկերվար յառաջդիմական երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Միւս կողմէ, ամառնամուտի տաք կենսոլորտին մէջ, զբօսաշրջիկներու Լիբանան այցելութեան «հոսքի» խրախուսիչ խոստումներու մթնոլորտին մէջ, երէկ կենցաղային ապրուստի թէ ընկերային դժուար պայմաններուն դէմ բողոքի ելոյթները շարունակուեցան` շեշտակիօրէն սպառնալով սաստկացնել իրենց քայլերը պահանջներու անտեսման պարագային: Արդարեւ, լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջանները լուսաւորելու կոչուած` Զահրանիի եւ Տէյր Ամմարի կայաններու պաշտօնեաներն ու պատկան պատասխանատուները երէկ ազդանշանը տուին իրենց ծառայութեան առկախման, գլխաւորաբար նիւթական հատուցումներու ձգձգման պատճառով: Ելեկտրական հոսանքի անջատման «գոյժը» զօրաշարժի մատնեց պետական պատկան պատասխանատուները, յատկապէս որ նման ընդհատում կ՛ենթադրէ երկիրը լրիւ մթութեան մէջ պահել եւ աւելին` զբօսաշրջիկներու խոստացուող «ցունամի»-ն փոխան ելեկտրականութեան մոմերով հիւրընկալել օդակայանին մէջ: Առ այդ, քուլիսային սերտ շփումները թափ առին եւ պատասխանատուներ փութացին դրական «աւետիս» փոխանցել` հանդարտեցնելու համար փողոց փութացող եւ Վերտանէն ու Պշարա Խուրիէն սկսող ճամբաներ փակելու լծուած մտահոգ քաղաքացիները: Այս ծիրին մէջ օդակայանի ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնելով, թէ իմացած է ելեկտրական հոսանքի ընդհատման լուրը` «հանգստացուց», թէ փոխարէնը ելեկտրածին շարժակներ պիտի

օգտագործուին օդակայանի հոսանքը ապահովելու համար: Աւելի ուշ, պատկան պատասխանատուներ յայտնեցին, թէ Զահրանիի կայանի աշխատանքը մասամբ վերադասաւորուած է ջրելեկտրային սարքերու միջոցով: Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատ դրական արտայայտուեցաւ իր ձեռնարկած քայլերուն արդիւնքներուն գծով`  ընդգծելով, որ արտաքին պատկան  կողմեր ամենայն զօրակցութիւն խոստացած են այս կապակցութեամբ: Նոյն ծիրին մէջ, Իրանի ուժանիւթի նախարարը Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին թելադրած է «Թեհրանի կարելիութիւնները դնել ի սպաս լիբանանցի ժողովուրդի կարիքներուն»:

Լիբանանցիներու անցագիրներու նորոգման գծով եւս ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ իր կարգին յայտարարեց, թէ յառաջիկայ հոկտեմբերին կը լուծուի նաեւ անցագիրներու նորոգման հարցը:

Նաեւ նաւահանգիստի շտեմարաններուն մէջ առկախուած  ապրանքներու ներածման գծով ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան յայտնեց, թէ վարչապետ Միքաթիի թելադրանքով անհրաժեշտ քայլերը առնուած են եւ ապրանքները պիտի յանձնուին իրենց վաճառականներուն:

Նշենք, որ նաւահանգիստի ու առհասարակ պետական պաշտօնեաներու եւ վարչամեքենայի պաշտօնեաներու գործադուլին պատճառով երկրի տնտեսական եւ յարակից մարզերը տեղքայլի, չըսելու համար նահանջի մատնուեցան վերջին շրջանին: Աւելի՛ն, պետական մարզի պաշտօնեաներ երէկ յայտարարեցին, որ պիտի շարունակեն իրենց գործադուլը, այնքան ատեն որ իրենց իրաւունքները չեն հատուցուած:

Նախորդը

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Յաջողուած Է Մերձեցնել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Դիրքորոշումները Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Երեւոյթներու Շուրջ»

RelatedPosts

Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Օգոստոս 9, 2022
Նախագահ Աուն Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձին  Վերաբերող Ծրագիր Մը
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Ծրագիր Մը

Օգոստոս 9, 2022
Քուէյթի Մէջ.  Լիբանանի Պատասխան Նամակը Դրական Ազդեցութիւն Կը Ձգէ
Լիբանանեան

Պու Հապիպ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Իրանցի Իր Պաշտօնակիցէն

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In