Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Միքաթի Կը Շնորհաւորեն Լիբանանցիներուն Ատհայի Տօնը, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Ոչ Մէկ Նորութիւն Կ՛արձանագրուի

Յուլիս 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ատհայի տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումով մը շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց երկրին ու ժողովուրդին:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին հաղորդագրութեամբ մը շնորհաւորեց լիբանանցիները` հաստատելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ ընկերային դժուար պայմաններուն կողքին, լիբանանցիներն ու ամբողջ երկիրը միասնականութեամբ պէտք է գործեն` շրջանցելու համար այդ տագնապը:

Միքաթի յայտնեց, որ այդ ճիգերուն զուգահեռ կառավարութիւնը պիտի ջանայ

երկիրը զետեղել տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային ապաքինման ուղիին վրայ:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նոր կառավարութիւն մը ունենալու` նախագահ Աունի իշխանութեան վերջին ամիսները անցընելու: «Այդ իսկ պատճառով անցեալ շաբաթ ներկայացուցի կառավարութեան նոր կազմ մը եւ անոր բովանդակութեան մասին խորհրդակցեցայ հանրապետութեան նախագահին հետ` մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքին ապաւինելով», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետը աւելցուց նաեւ, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը` դրական գործակցութեամբ լուծելու համար առկայ բազմաթիւ հարցերը:

Ան շեշտեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու նպատակով կառավարութիւնը կը գործակցի խորհրդարանին հետ, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատի վաւերացնել կարգ մը օրինագիծեր, որոնք բարեկարգումներուն գործադրութեան կապուած են եւ հիմնական քայլ մը կը նկատուին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ վերջնական համաձայնութեան իրագործումին:

Միքաթի հաստատեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան դէմ անարդար արշաւ մը կը տիրէ` կասեցնելու համար այն քայլերը, որոնք հիմնական են եւ որոնք կը նախաձեռնուին դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքը պաշտպանելու նպատակով:

Միքաթի քննադատեց նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի դէմ արձանագրուած ցեխարձակումները:

Նշենք, որ նախագահ Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը. վերջինս հանրապետութեան նախագահին յանձնեց վարչապետ Միքաթիէն նամակ մը` կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին վերաբերեալ:

Նախագահ Աունի եւ Նասսարի հանդիպումին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չհաղորդուցեան:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններուն իբրեւ վերլուծում` տեղեկատուական տարբեր աղբիւրներու կողմէ կը հաստատուի, որ նախքան նախագահ Աունի իշխանութեան աւարտը վարչապետ Միքաթի պիտի չկարենայ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:

Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները մուտք գործած են լուրջ փուլ մը, որուն շրջագիծին մէջ բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Իսրայէլ:

Նախորդը

Յարութ Լաքիսեան` Զահլէ Քաղաքի Եւ Արուարձաններու Թաղապետներու Խորհուրդի Վարչութեան Անդամ

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ընդդիմութիւնը Իր Պայքարի Երկրորդ Փուլի Արժեւորման Հանգամանքին Մէջ Է»

RelatedPosts

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թէժ Մարտեր`  Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թէժ Մարտեր` Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Դեկտեմբեր 4, 2023
«Քոփ 28» Խորհրդաժողով.  «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու,  Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին»   Շեշտեց Միքաթի
Գլխաւոր լուրեր

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու, Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին» Շեշտեց Միքաթի

Դեկտեմբեր 4, 2023
Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչին Ճակատագիրը  Ուղղակիօրէն Կապուած Է Լը Տըրիանի  Այցելութեան Արդիւնքին
Լիբանանեան

Լը Տըրիան. «Պէտք Է Սահմանադրական Ելք Մը Գտնել` Լիբանանը Իր Դժուար Կացութենէն Դուրս Բերելու»

Դեկտեմբեր 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In