Յաջողութեամբ ամբողջացնելէ ետք աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները (Ասիոյ գօտի), Լիբանանի տղոց ազգային խումբը այժմ կը պատրաստուի Ասիոյ 2022-ի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 12-24 յուլիսին, Ինտոնեզիոյ մէջ:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, երբ պիտի մրցի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Ապա, Լիբանան յաջորդաբար պիտի մրցի Նոր Զելանտայի (15 յուլիսին) եւ Հնդկաստանի դէմ (17 յուլիս):
Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը բաժնուած են չորս խմբակի:


