Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Ֆայեատի Հետ Քննարկեց Եգիպտոս Եւ Իրաք Այցելութեան Արդիւնքները

July 8, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց անոր Եգիպտոս եւ Իրաք կատարած աշխատանքային այցելութիւններուն արդիւնքները:

Ան նշեց, որ Եգիպտոսի մէջ պաշտօնապէս հաստատած են, որ իրենք պատրաստ են Լիբանանի բնական կազ տրամադրելու` աւելցնելով, որ այս իմաստով անոնք կը սպասեն ամերիկեան կանաչ լոյսին, զիրենք «Սիզըր»-ի պատժամիջոցներու օրէնքէն զերծ կացուցելու երաշխիքներուն, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորումին:

Ֆայեատ ընդգծեց, որ Եգիպտոս պատրաստ է բնական կազի Լիբանանի ամբողջ կարիքը հոգալու:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան պատրաստ է Միջազգային դրամատան հետ կազի փոխադրութեան ֆինանսաւորման բանակցութիւնները կատարելու ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

Ֆայեատ ընդգծեց, որ Իրաք իր այցելութիւնը շատ դրական կարելի է նկատել` աւելցնելով, որ Իրաք պատրաստ է Լիբանանին նեցուկ կանգնելու եւ անոր նաւթ յատկացնելու:

Ֆայեատ նկատել տուաւ սակայն, որ վառելանիւթի սակերուն արձանագրած միջազգային սղաճին պատճառով Իրաք Լիբանանին ամսական դրութեամբ 80 հազար թոն նաւթ պիտի չկարենայ տրամադրել, այլ` 40 հազար թոն, ինչ որ առիթ պիտի տայ 4 ժամ ելեկտրականութեան փոխարէն միայն 2 ժամ ելեկտրականութիւն տրամադրելու:

Նշենք նաեւ, որ Ֆայեատ երէկ ներկայ գտնուեցաւ հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկրին հիմնական հարցը այն է, որ ան ելեկտրակայաններ ունի, սակայն զանոնք բանեցնելու նաւթ չունի, ինչպէս նաեւ նիւթական չունի` նաւթ ապահովելու, որպէսզի կարենայ լիբանանցիներուն ելեկտրականութիւն ապահովել:

Ֆայեատ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար ձրի ելեկտրականութիւն տրամադրել, որովհետեւ պետութեան ամավարկը չ՛արտօներ այդ քայլին դիմել:

Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ նշեց, որ Միքաթիին շնորհակալութիւն յայտնած է Կեդրոնական դրամատան մօտ անոր կատարած միջամտութեան համար` ապահովելու համար Զահրանիի եւ Տէր Աամարի ելեկտրակայաններուն գումարները, որպէսզի անոնք շարունակեն ելեկտրական հոսանք արտադրել:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ասաատ Թուֆայլի եւ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ:

 

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան. «Հայրենիքը Ներքին Եւ Արտաքին Սպառնալիքներ Կը Դիմագրաւէ, Իսկ Ժողովուրդը Կորսուած Է»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումի Երթը Իսկապէս Սկիզբ Առած Է»

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.