Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական նիստին արդիւնքները:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց բոլոր նախարարներուն ներկայութիւնը Լիբանանին զօրակցական պատգամ մը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ շօշափելի փափաք մը` անոր օժանդակելու:
Վարչապետ Միքաթիի եւ Պու Հապիպի հանդիպումին մասին վարչապետարանէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ հետեւեալը. «Հարաւային Լիբանանի իրավիճակն ու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային վիճելի շրջանին վերեւ անօդաչու թռչող սարքեր ուղարկելու գործողութիւնը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութենէն ու դիւանագիտական շրջագիծէն դուրս կը գտնուին եւ պատճառ դարձած են հակազդեցութիւններու` մինչ սահմանագծումի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի ջանքերը յառաջդիմութիւն արձանագրած են: Այս առումով Լիբանան կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը ամերիկացի բանագնացին ջանքերուն, որոնք Լիբանանի շահերը ապահովելու ուղղութեամբ կ՛ընթանան: Լիբանան կը պահանջէ արագացնել սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն թափը, ինչպէս նաեւ կը վստահի երկրին ջրային հարստութիւնը պահպանելու ամերիկեան ջանքերուն` վերահաստատել կարենալու տնտեսական եւ ընկերային իր ապաքինումը:
Լիբանան կը նկատէ, որ պետութեան պատասխանատուութենէն ու բանակցութիւնները ընդգրկող դիւանագիտական շրջագիծէն դուրս որեւէ քայլ մերժելի է եւ Լիբանանը կ՛ենթարկէ վտանգներու:
Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան բոլոր ուժերուն ազգային գիտակցութեան բարձր պատասխանատուութիւն ցուցաբերելու եւ յանձնառու մնալու նախապէս յայտարարուած այն կեցուածքին, թէ լիբանանեան բոլոր ուժերը կը զօրակցին բանակցութիւններուն:
Լիբանան վերստին կը պահանջէ կասեցնել իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իր գերիշխանութեան դէմ միշտ գործուող ոտնձգութիւններուն` ծովային, ցամաքային եւ օդային»:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան դէտերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ճիորճիօ Հոլվինիի, որ Միքաթիին յանձնեց յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի, Քոսովոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Պաքրի Իսմայիլի, ինչպէս նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին:
Հանդիպումէն ետք վարչապետը յայտնեց, որ այնքան ատեն որ իրենք հաւատքով, համոզումով եւ հայրենասիրութեամբ կը գործեն, ապա երկրին փրկութիւնը մօտալուտ պիտի ըլլայ:


