Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյցերը Կը Վերադառնան, Իսկ Պետական Մարզի Պաշտօնէութիւնը Կը Շարունակէ Իր Բաց Գործադուլը

Յուլիս 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական եւ ելեւմտական հետզհետէ սաստկացող տագնապներուն եւ անոնց ստեղծած ընկերային ահաւոր պայմաններուն զուգահեռ, Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ վերստին արձանագրուեցան փողոցները փակելու քայլեր:

Պէյրութի Քասքաս եւ Վերտան-Համրա փողոցները փակուեցան ցուցարարներու կողմէ, որոնք ճամբուն վրայ գտնուող աղբարկղերով եւ անոնց մէջ հրկիզուող աղբով ուզեցին արտայայտել իրենց բողոքը` տիրող կացութեան դէմ:

Աւելի ուշ փակուեցան նաեւ Ռաս Նապաա – Պշարա Խուրի ճամբան, ինչպէս նաեւ Ռաուշէ տանող մայրուղին եւ Թայյունէի ճամբան:

Ցուցարարները բողոքեցին իրենց ապրուստի պայմաններուն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու սակի բարձրացումին, ինչպէս նաեւ ջուրի եւ ելեկտրական հոսանքի անջատումին դէմ:

Քաղաքացիներուն կողմէ փողոց վերադառնալու այս քայլերը կ՛արձանագրուին պետական մարզի պաշտօնէութեան կողմէ յայտարարուած բաց գործադուլին զուգահեռ:

Տիրող այս իրավիճակին լոյսին տակ,  վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ պետական պաշտօնէութեան թղթածրարը: Նիստէն ետք աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին բոլորին կողմէ հաստատուած է, որ պետական մարզի պաշտօնեաները ամէնէն աւելի իրաւազրկուած պաշտօնեաներն են` աւելցնելով, որ ամէն գնով պէտք է բարելաւել անոնց ապրուստի պայմանները:

Պայրամ շեշտեց, որ նիստին ընթացքին տրուեցան հետեւեալ որոշումները.

ա) Պետութեան կողմէ տրամադրուած ընկերային օժանդակութիւնները ամսական աշխատավարձի կէս գումարին համապատասխանելու փոխարէն համազօր պիտի ըլլան երկրորդ ամբողջական աշխատավարձի մը` սկսեալ 1 յուլիս 2022-էն: Երկրորդ աշխատավարձը պիտի վճարուի ամսուան ընթացքին` ելեւմուտքի նախարարութեան տրամադրած գումարներուն համաձայն: Պայման է սակայն, որ պաշտօնեաները շաբաթը նուազագոյնը երկու օր ներկայանան աշխատանքի:

բ) Օրական դրութեամբ փոխադրածախսը համազօր դարձաւ 95 հազար լ. ոսկիի:

գ) Պետական պաշտօնեաներուն համար տրամադրուած բժշկական հոգատարութեան եւ ուսման յատկացումները քառապատկուեցան:

Պայրամ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի գումարուի նիստ մը, որուն պիտի հրաւիրուի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որմէ պիտի խնդրուի, որ ծնողներէն ամերիկեան տոլար պահանջող սեփական վարժարաններուն թելադրուի, որ նման պահանջներէ զերծ կացուցեն պետական մարզին մէջ աշխատող ծնողները: «Տակաւին կայ հաղորդակցութեանց պարագային պետական մարզի պաշտօնէութեան զեղչ տրամադրող յատուկ դասաւորում մը, որուն մասին պիտի յայտարարէ նախարարի պաշտօնակատարը», ըսաւ Պայրամ` աւելցնելով, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն համար պիտի ստեղծուի հատուցման քարտ մը:

Պայրամ իր խօսքը ուղղելով պետական մարզի պաշտօնէութեան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի զօրակցի անոնց, եւ եթէ պետական ամավարկը շուտով վաւերացուի, ապա ատիկա իր արտացոլումը պիտի ունենայ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձին վրայ:

Ան խնդրեց պետական պաշտօնեաներէն տիրող կացութեան նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերել եւ բաց գործադուլին վերջ տալ, որպէսզի քաղաքացիներուն շահերը չվնասուին:

Պայրամ իր յայտարարութիւնը եզրափակեց հաստատելով, որ պետական մարզի պաշտօնեան իրեն համար առաջնահերթութիւն է:

Նախորդը

Պըրրի Ստանձնեց Եւրոպական Միութեան Դէտերուն Պատրաստած Տեղեկագիրը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շարաֆէտտինէն Իմացաւ Սուրիացի Տեղահանուածները Վերադարձնելու Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?