Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին յատուկ նիստի մը:
Նիստին մասնակցեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ:
Նիստէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ քննարկուած են սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձը ապահովելու գործնական քայլերը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ նիստեր պիտի գումարուին` աւելի եւս յստակացնելու համար տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանը, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ճարտարարուեստի յատուկ ցուցահանդէսը, որուն պիտի մասնակցին շարք մը երկիրներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ իրաքեան նաւթին փոխարէն Իրաքի հետ լիբանանեան արտադրութիւններ փոխանակելու կարելիութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ:


