Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 848 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 34.000 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով եւ մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնաց կայուն: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 592.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 605.000 լ. ոսկի, մազութը` 710.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 335.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Քալլաս մաղթեց, որ կարելի ըլլայ կերտել խաղաղութեան հասարակութիւն մը, որ ներդրում կը կատարէ երիտասարդներուն համար` հաւատալով անոնց կարողութիւններուն: Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրի, որ հաստատեց, որ լիբանանցիները շատ դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ կ՛ապրին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն համար որեւէ նոր գաղթակայան հիմնելը մերժելի է, եւ ո՛վ որ հակառակը կը կատարէ, օրէնքին կողմէ պիտի հալածուի: Հաժժար կ՛անդրադառնար Սարաֆանտի կից ստեղծուած ուած գաղթակայանին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժը, որուն հետ քննարկեց քաղաքապետարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու զանոնք լուծելու կարելիութիւնները: Քննարկուեցաւ նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումներն ու Պաապտայի վերաբերող հարցեր:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին: Այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն ընդգծեց նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը նախատեսուած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստ է ընդունելու կառավարութեան որեւէ կազմ, որուն շուրջ համաձայն կ՛ըլլան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը` ներկայութեամբ Ժան Պութրոսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան շրջագիծին մէջ 150 «Համֆի» տիպի մեքենաներ ստացաւ ամերիկեան իշխանութիւններէն: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Աքքարի մէջ ձերբակալած է 113 հոգի` լիբանանեան, սուրիական եւ պաղեստինեան քաղաքացիութեամբ, որոնց մէջ նաեւ կիներ եւ երեխաներ, որոնք ապօրինի կերպով նաւով փախուստի պիտի դիմէին:

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Վանական Պաշտօններու Նոր Նշանակումներ

Յաջորդը

Ֆայեատ Կ՛ողջունէ Իրանեան Նաւթին Տրամադրումը Եւ Կ՛անդրադառնայ Ալճերիա Կատարուելիք Հաւանական Այցելութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.