«Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաները երէկ ընդառաջեցին իրենց սենտիքաներուն կողմէ նախաձեռնուած գործադուլին` պահանջելով սրբագրել իրենց աշխատավարձերը:
«Ալֆա»-ի եւ «Թաչ»-ի պաշտօնեաները այս քայլին դիմեցին, երբ իրենց վարչութիւններուն հետ խորհրդակցութիւնները դրական արդիւնքներով դուրս չեկան:
«Ալֆա»-ի եւ «Թաչ»-ի բոլոր մասնաճիւղերն ու կեդրոնատեղիներուն մօտ գտնուող վաճառատուները փակ մնացին` կասեցնելով նոր թիւերու, ինչպէս նաեւ բջիջային հեռաձայնի թիւերը լիցքաւորելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ կասեցուեցան յաճախորդներուն տրամադրուող բոլոր ծառայութիւնները:
Միւս կողմէ, կարգ մը լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ վառելանիւթին տրամադրուող պետական նպաստը ամբողջութեամբ վերջ պիտի գտնէ, իսկ անոր վաճառքը տոլարի հիման վրայ պիտի ըլայ:
Աւելի ուշ Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ վերոնշեալ լուրը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ լուրը անճիշդ է, եւ կը հաստատէ, որ վառելանիւթ ապահովելու առումով Կեդրոնական դրամատունը տակաւին առիթ կու տայ, որ վառելանիւթի սակին 30 առ հարիւրը «Սայրաֆա»-ի փոխարժէքի սակին հիման վրայ կատարուի:


