Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Թրիփոլիի Ֆանար-Ռամքին կղզիի հանդիպակաց շրջանին մէջ ծովամոյն դարձած նաւը դուրս բերելու աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ, երէկ կարելի եղաւ գտնել 459 մեթր ծովուն խորերը գտնուող նաւը:
Նշենք, որ նաւը ծովամոյն դարձած էր 23 ապրիլ 2022-ին, իսկ զայն դուրս բերելու նպատակով Լիբանան բերուած էր հնդկական սուզանաւ մը, որ լիբանանեան ծովուժին հետ գործակցաբար կը կատարէ նաւը փնտռելու եւ զայն ծովէն դուրս բերելու աշխատանքները:


