Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 776 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 34.000 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հերքեց «Ասաս միտիա»-ի կողմէ Պըրրիի վերագրուած յայտարարութիւն մը, թէ վատագոյն կառավարութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Պաապտա մնալը: Հերքումին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Պըրրի նման յայտարարութիւն չէ կատարած եւ կեցուածք չէ յայտնած:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որ յայտնեց, որ այսօրուան բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ նոր կառավարութիւն կարելի չէ կազմել:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ պետական դպրոցներուն վերամուտի թուականը 10 օրով յետաձգուած է, այսինքն` 5 սեպտեմբեր 2022-ի փոխարէն աշակերտները դպրոց պիտի վերադառնան 15 սեպտեմբեր 2022-ին, իսկ մինչեւ 3 հոկտեմբեր 2022 պէտք է կրթական նոր տարեշրջանը սկսած ըլլայ իր բոլոր բաժանմունքներով:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ կարգ մը նախարարներ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին կը ծափահարեն միայն, որովհետեւ անոնց նպատակն է պահել իրենց պաշտօններն ու աթոռները: Շարաֆէտտին հաստատեց, որ այդ նախարարները բնաւ չեն հետաքրքրուած երկիրը յուզող ազգային հարցերով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի յայտնեց, որ դատաւորներուն յայտարարած գործադուլէն ետք հանդիպում մը տեղի ունեցաւ արդարութեան, ելեւմտական եւ վարչական հարցերու դատական իշխանութիւններուն նախագահներուն հետ: Հանդիպումին աւարտին Խուրի յոյս յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկի պահեստէն դատական իշխանութիւններուն տրուելիք 35 միլիառ լ. ոսկիի գումարին վաւերացուելուն պարագային դատաւորներուն գործադուլի հարցը կարելի պիտի ըլլայ լուծել:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ իրենց հիմնական աշխատանքն է պետական գանձարկղին համար յաւելեալ շահեր ապահովել եւ ներածումներ կատարել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի խորհրդարանէն յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն ընդունիլ կամ վաւերացնել պետական այնպիսի ամավարկ մը, որ թիւերէ եւ բարեկարգումներէ զուրկ է, ինչպէս նաեւ անյստակ: «Կը մերժենք բեմագրութիւններու վրայ հիմնուած ամավարկը», ըսաւ ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է զբաղելու կենցաղային ճնշող հարցերով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա անհրաժեշտ նկատեց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը իր օժանդակութիւններուն շեմը բարձրացնէ` թեթեւցնելու համար լիբանանցիներուն բեռը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ «միջին» հանրապետութեան նախագահի մը կերպարը իսկական խաբկանք է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ վերջին հանդիպումը ապարդիւն դուրս եկած է` աւելցնելով, որ Միքաթի կը փափաքի նախարարաց կազմին մէջ աւելցնել երկու նախարարներ, որոնք իրը չէին: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ 24 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը 6 յաւելեալ նախարարներով ընդարձակելու առաջարկը եւս մերժուած է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆերնժիէ, որ նախագահական ընտրութեան միակ յայտարարուած թեկնածուն է, կը շարունակէ հետեւիլ այդ գործընթացին: Նոյն աղբիւրը նշեց, որ Ֆրենժիէ քաղաքական շարք մը ուժերու հետ համակարգումներ կը կատարէ` մամուլին անդրադարձներէն հեռու: «Նաշրա» ընդգծեց նաեւ, որ Հըզպալլայի կողմէ Ֆրենժիէի նկատմամբ զօրակցութիւնը բացայայտ չէ, սակայն այդ կուսակցութեան կողմէ անոր թեկնածութեան ծածուկ հաւանութիւն կայ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի խորհրդական Սելիմ Ժրայսաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ նոր խորհրդարանի մը ընտրութեամբ հրաժարած նկատուած կառավարութիւն մը ստանձնէ հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները:

Նախորդը

Աղաւնոյ, Վերջին Հրաժեշտ. Նկարներ` Հազարաւոր Բառերէն Աւելի Խօսուն

Յաջորդը

Պայթումի Զոհերու Ընտանիքներու Նստացոյց` Պէյրութի Նաւահանգիստի Դարպասներէն Մէկուն Մուտքին

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?