Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց պաղեստինեան Իսլամական ժիհատ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նխալէն, որուն հետ քննարկեց Կազայի եւ Այսրյորդանանի զարգացումները:
Սէյիտ Նասրալլա եւ Նխալէ արժեւորում մը կատարեցին թշնամի Իսրայէլին կողմէ սանձազերծուած պատերազմին մասին` ռազմավարական, քաղաքական եւ տեղեկատուական մակարդակներուն վրայ:
Քննարկուեցան նաեւ արձանագրուած քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան առանցքին մաս կազմող իւրաքանչիւր շարժումի կողմէ ակնկալուած դերակատարութիւնը` յաջորդ փուլին համար:


