Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի` ընկերակցութեամբ դեսպանութեան Բ. քարտուղար Ստեփան Գէորգեանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ իրաւական մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:


