Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան-Եւրոպական Վեթոն Կ՛արգիլէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը» Շեշտեց Սահիլի

Օգոստոս 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինի Սուրիա կատարած այցելութեան եւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները աստիճանաբար Սուրիա վերադարձնելու մասին քննարկումներուն ակնարկելով` տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարի Հըզպալլայի պատասխանատու Նաուուար Սահիլի յայտնեց, որ տունդարձի համար ծրագրուած ուղեգիծին մեկնարկը գնահատելի է:

Ան նշեց, որ լիբանանեան նախաձեռնութիւնը` ամսական դրութեամբ 15 հազար սուրիացի տեղահանուածի տունդարձ ապահովելու, սուրիական կողմին ընդառաջումին արժանացած է, որովհետեւ Սուրիա կ՛ողջունէ իր զաւակներուն տունդարձը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է` ընդունելու զանոնք:

Սահիլի նշեց, որ քաջալերական քայլը այն է, որ Շարաֆէտտին այդ այցելութիւնը կատարած է նախարարաց խորհուրդին հաւանութեամբ, ինչ որ կարեւորութիւն կու տայ այդ շարժումին:

Ան յարմար նկատեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ ըլլան` հանրապետութեան նախագահներու եւ վարչապետներու մակարդակով:

Սահիլի նկատել տուաւ, որ տեղահանուածներու տունդարձին մասին լիբանանեան-սուրիական որոշումը տրուած է, սակայն միաժամանակ կայ միջազգային տրամադրութիւն մը, որուն նպատակն է խոչընդոտել այդ որոշումը: «Միջազգային արգելակումը կը սկսի Միացեալ Նահանգներէն եւ կ՛ուղղուի դէպի եւրոպական երկիրներ, եւ այս իրականութիւնը կը վնասէ Լիբանանի շահերուն, որովհետեւ լիբանանեան հողերուն վրայ կ՛ապրին աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ, որոնք տնտեսական յաւելեալ ճնշում կը նկատուին` երկրին արդէն վատթարացած տագնապին վրայ», ըսաւ Սահիլի:

Նաուուար Սահիլի նշեց, որ տեղահանուածներուն տունդարձը դժուար պիտի ըլլայ գործադրել` առանց ամերիկեան եւ արեւմտեան երկիրներուն հաւանութեան, հետեւաբար ան լիբանանեան պետութենէն պահանջեց կապուիլ այդ երկիրներուն հետ եւ անոնց վրայ ճնշում բանեցնել, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը ստիպուած է դժուար որոշումներ տալ` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմանները:

Սահիլի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը հարց ունի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի միջազգային գերատեսչութեան հետ` այս վերջինը ամբաստանելով իբրեւ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանան պահելու գերատեսչութիւն:

«ՄԱԿ կ՛օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներուն մնալու Լիբանանի մէջ: Ան օժանդակութիւններ կը տրամադրէ, աւելի ճիշդը` կը սպառնայ այդ օժանդակութիւնները կասեցնել, եթէ տեղահանուածները տունդարձ կատարեն», ըսաւ ան:

Նախորդը

2022-ի Առաջին Եօթը Ամիսներուն Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 50 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Կրթութեան Մարզին Յատուկ Նիստի Մը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?