Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մքերի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Սահմանին Եւ Իրաւունքներուն»

August 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր սահմանին եւ իրաւունքներուն` աւելցնելով, որ Լիբանան իր հողերը չի լքեր:

Ան մաղթեց նաեւ, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմուի եւ նախագահական աթոռի թափուր վիճակ չստեղծուի` նկատել տալով, որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ չէ պատահած փուլ մը կամ տարի մը, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ընտրուած է սահմանադրական ժամկէտին ընթացքին:

Մքերի այս յայտարարութիւնները կատարեց, երբ ան այցելեց հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուի:

Մքերի այցելեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ` ներկայութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթիի:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Լազարօ ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը:

Մքերի ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը եւ բարձր գնահատեց անոնց դերակատարութիւնն ու ծառայութիւնը` 1978-էն ի վեր:

Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը միայն խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան չեն հսկեր, այլ` հսկայ դերակատարութիւն կ՛ունենան շրջանին բարգաւաճման մէջ:

Մքերի յաջողութիւն մաղթեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն` յարգանք յայտնելով անոնց ի գործ դրած զոհողութիւններուն, եւ հաստատեց, որ իրենք որեւէ ատեն պատրաստ են գործակցելու միջազգային խաղաղապահ  ուժերուն հետ` ամրապնդելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը եւ լուսարձակի տակ առնելու ՖԻՆԻՒԼ-ի մարդասիրական, զինուորական, բարգաւաճման եւ ապահովական դերակատարութիւնը:

Մքերի հաստատեց, որ Լիբանան` պաշտօնապէս եւ ժողովրդային մակարդակով, յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան յաջողութեան: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ միջազգային որոշումներուն եւ բանաձեւերուն, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, մինչ թշնամի Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ կը խախտէ անոր գործադրութիւնը:

Իր կարգին, զօր. Լազարօ շնորհակալութիւն յայտնեց Մքերիի այցելութեան` մաղթելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան միջեւ յարաբերութիւնը կը շարունակուի, յատկապէս ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Արդարութեան Նախարարի Պաշտօնակատարին

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ Ապրող Ընդդիմադիր Սէուտցի Մը Կը Սպառնայ Թիրախ Դարձնել Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատունը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.