ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 38.600 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 27.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 27.000 լ. ոսկիով, մազութը` 34.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը սղած է 11.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 677.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 694.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 810.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 397.000 լ. ոսկի:
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն` Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները իրենց դռները փակ պիտի պահեն երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2022-ին, իսկ պետական մարզի այն հաստատութիւնները, որոնք աշխատանքի են շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2022-ին, պէտք է փակ պահեն իրենց դռները` նոյն տօնին առիթով:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ նախկին նախարար Խալետ Քապպանին: Հանդիպումին ընթացքին Սինիորա ընդգծեց Լիբանանը միասնական դարձնող հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ անոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ամրապնդուած պահել Թաէֆի եւ սահմանադրութեան սկզբունքները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի տեղակալ Զիատ Մքերի հաստատեց, որ Լիբանանը կարիքը ունի հանրապետութեան այնպիսի նախագահի մը, որ կրնայ համախմբել լիբանանցիները եւ երկխօսութիւն կատարէ անոնց հետ: Մքերի շեշտեց, որ ինք ծովային սահմանագծումի թղթածրարին առումով ստորագրուելիք համաձայնութիւնը մօտալուտ կը գտնէ:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ լիբանանեան թղթածրարը դարձեալ վերածուած է միջազգային սեղանի վրայ քննարկուող հարցի մը` աւելցնելով, որ այդ իրականութեան զուգահեռ, ներքին լիբանանեան առումով կան շարժումներ եւ ուղղուածութիւն, որպէսզի սահմանադրական գործընթացները իրենց ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Պայտուն յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարուի սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահը պէտք է ըլլայ հայրենիքի փրկութեան տէր եւ գերիշխան անձնաւորութիւն մը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մալեզիոյ դեսպան Ալզի Մաթ Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ զանոնք 2002-ի յարաբերութիւններուն վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ահմետ Խէյրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Խոսէ Անթոնիօ Ֆեռնանտեզ Ալֆարոն, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Լիբանանի մէջ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Ապպաս Իպրահիմ յաջողութիւն մաղթեց Քոուելի` Լիբանանի մէջ անոր ստանձնած դիւանագիտական նոր պարտականութեան մէջ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կը գտնուի Փարիզ, ուր ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց շարքին` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:


