Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորք կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Պու Սաապ հաստատեց, որ Հոքշթայնի ուղարկելիք գրաւոր առաջարկը Պաապտա պիտի հասնի այս շաբթուան ընթացքին:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի մարզին վերաբերող հարցեր:
Ֆայեատ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցած է Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի հետ, եւ համաձայնութիւն գոյացուցած, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը այցելէ Իրաք եւ վերանորոգէ նաւթ ձեռք բերելու համաձայնագիրը:
Ան նշեց, որ լիբանանեան պատուիրակութեան Իրան կատարած այցելութիւնը դրական էր` աւելցնելով, որ Իրանի նուիրատուութիւնն ու Իրաքի տրամադրելիք նաւթը կրնան օժանդակել, որ լիբանանցիները 8-10 ժամ ելեկտրական հոսանքի մատակարարում ունենան:
Ֆայեատ յայտնեց, որ ներկայիս կ՛ուսումնասիրուի իրանեան նաւթը պէտք եղած յատկանիշներով օգտագործելու կարելիութիւնը` հաստատելով, որ այդ նուիրատուութիւնը Լիբանան կը հասնի ժամերու կամ շաբաթներու ընթացքին եւ ոչ ամիսներու:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Թարեք Խաթիպ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն էր նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Վատիկանի յարաբերութիւնները:


