ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.000 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 9000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 10.000 լ. ոսկիով, մազութը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը սղած է 9000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 686.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 704.000 լ. ոսկի, մազութը` 821.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 406.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները: Տիապ շեշտեց, որ եթէ իր կառավարութեան մշակած տնտեսական ապաքինման ծրագիրը գործադրուէր, ապա երկիրը շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կ՛ըլլար:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանին մէջ ձերբակալուած են երկու լիբանանցիներ, որոնք Եաֆթահ գիւղաքաղաքէն կը փորձէին ապօրինաբար մուտք գործել Իսրայէլ: Աւելի ուշ Ատրահի յայտնեց, որ սահմանագիծին վրայ ձերբակալուած երկու լիբանանցիները վերադարձուեցան Լիբանան` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ահմետ Խէյրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանին վերաբերող հարցերը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Լիբանանի մէջ բարգաւաճման վերաբերող հարցեր: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, որ քննարկեց ընդհանուր հարցեր, ինչպէս նաեւ Պէյրութի վերաբերող խնդիրներ:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ երկրին ու շրջանին տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն վերաբերող հարցեր:


