ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.000 լ. ոսկի է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ ապահովական ուժերը ամէնօրեայ դրութեամբ կը ձերբակալեն ապօրինի գաղթ կազմակերպող նաւեր` աւելցնելով, որ կան ցանցեր, որոնք կազմակերպուած ձեւով ապօրինի գաղթեր կը կազմակերպեն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Ապտել Ազիզ Սահլաուիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաթարեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդատու Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը պիտի աւարտէ այն նախապայմանները, որոնք պահանջուած են Միջազգային դրամական ֆոնտէն` կարենալ համաձայնութեան մը յանգելու համար:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի աւարտի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ մօտիկ է, սակայն նախագահական ընտրութեան համար պահանջուածը բացարձակ մեծամասնութեան համախոհութիւնն է:
ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ հաստատեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին օրինաթիւը խախտած են, որպէսզի ճնշում բանեցնեն անոր վրայ` քննարկելու տնտեսական մարզի փրկութեան ծրագիր մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ Տար Ֆաթուայի հաղորդագրութիւնը սերտուած է` աւելցնելով, որ իրենց արաբական երկիրներուն վրայ յոյս եւ վստահութիւն ունին` նեցուկ կանգնելու Լիբանանին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Տար Ֆաթուայի մէջ ինք արծարծած է Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն բռնագրաւուած ըլլալուն հարցը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ ժողովուրդին ճշմարտութիւնը յայտնելու կամ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու իմաստով քաղաքական որոշում չկայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ բարեկարգչական երեսփոխաններուն եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին հետ կը քննարկեն հանրապետութեան նախագահութեան նոր թեկնածուն ճշդելու հարցը` աւելցնելով, որ քննարկումները մօտ են աւարտելու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ յայտնեց, որ նախագահական թեկնածուի մը շուրջ մօտիկ ապագային պիտի համաձայնին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան յոյսերը մեծ են, սակայն նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին պիտի չկատարուի, այլ պիտի յետաձգուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա հաստատեց, որ իրենք հարց չունին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու հանրապետութեան նախագահութեան նոր թեկնածուի մը շուրջ:
ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Միջազգային դրամական ֆոնտի ստրուկներուն վերածուիլ:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


