Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2022-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացուեցաւ 63 Թեր Քուէներով

September 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ առաւօտեան շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը:

Մինչ խորհրդարանը կը գումարէր իր նիստը, հանգստեան կոչուած բանակայինները խորհրդարանին դիմաց բազմամարդ նստացոյց մը կազմակերպեցին եւ փորձեցին ներխուժել խորհրդարան` բախելով խորհրդարանի ապահովութեան ուժերուն, բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, որոնք ստիպուեցան նոյնիսկ արցունքաբեր կազեր արձակել ցուցարարներուն ուղղութեամբ` զանոնք ցրուելու նպատակով:

Խորհրդարանը առաւօտեան ժամը 10:30-ին սկսաւ իր առաջին նիստին, որուն սկիզբը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց «Մահուան նաւ»-ուն զոհերուն յիշատակը:

Նիստը դադրեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ապա վերսկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Քննարկումին շարունակուելէն ետք խորհրդարանը վաւերացուց ամավարկը 63 թեր, 37 դէմ եւ 6 ձեռնպահ քուէներով:

Պետական ամավարկի վաւերացման շրջագիծին մէջ նաեւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ բանակայիններուն, ինչպէս նաեւ հանգստեան կոչուածներուն եւ պայմանագիրով գործող պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը եռապատկուեցան, այն առումով, որ աշխատավարձերուն յաւելումը նուազ քան 5 միլիոն լ. ոսկի չըլլայ, եւ առաւել քան 12 միլիոն լ. ոսկի չըլլայ:

Խորհրդարանը ընդգծեց, որ կատարուած այս յաւելումը կը նկատուի արտակարգ ու որոշ ժամանակաշրջանի համար, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ամսական աշխատավարձերուն վերջնական լուծում մը գտնել: Խորհրդարանի այս նոր որոշումին համաձայն, ճշդուած այս յաւելումը հանգստեան կոչուելու հատուցումներուն պէտք չէ աւելնայ:

Որոշումին համաձայն, հանգստեան կոչուածներուն աշխատավարձերուն վրայ պարտադրուած տուրքերը ջնջուեցան:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ խորհրդարանէն դուրս եկաւ եւ բողոքի նստացոյց կազմակերպողներուն յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ զինուորականները իրենց իրաւունքները ստանան` աւելցնելով, որ այս յաւելումները անբաւարար են, եւ կառավարութիւնը կը մտածէ անոնց նաեւ այլ յատկացումներ շնորհելու մասին:

Խորհրդարանը փոփոխութեան ենթարկեց նաեւ լիբանանեան անցագիրին սակը, որուն համաձայն` 5 տարուան անցագիրին սակը վերածուեցաւ մէկ միլիոն լ. ոսկիի, իսկ 10 տարուան անցագիրին սակը` երկու միլիոն լ. ոսկիի:

Խորհրդարանը 500 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը ճշդեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանին:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է մինչեւ տարեվերջ մաքսատնային տոլարի սակը 15.000 լ. ոսկի նկատել:

Նշենք, որ պետական ամավարկի ընդհանուր ծախսերը 40.873 հազար միլիառ լ. ոսկի են, իսկ մուտքերուն ընդհանուր գումարն է 29.986 հազար միլիառ լ. ոսկի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«2022-ի Պետական Ամավարկը Թիւերու Բախման Եւ Սղաճի Ամավարկ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.