Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Հանրապետութեան Նախագահին Ժողովրդային Ներկայացուցչութենէն Կարելի Չէ Զիջիլ» Շեշտեց Պասիլ

September 28, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Տար Ֆաթուայի մէջ լսած են կեցուածքներ ու տեսակէտներ, որոնց մասին զոյգ մը լիբանանցիներ չեն կրնար իրարու հակառակիլ:

«Մեր այցելութիւնը կը միտի զօրակցութիւն յայտնել միւֆթի Տըրիանի կեցուածքներուն, յատկապէս սահմանադրութեան ու Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու եւ անոնց գործադրութեան յանձնառու մնալու անոր տեսակէտներուն», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ իրենք եւս նախանձախնդիր են Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան, մասնաւորաբար ապակեդրոնացեալ դրութեան, Ծերակոյտի հիմնումին եւ համայնքային դրութեան ջնջումին իմաստով:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրենք հարց չունին Լիբանանի արաբական ինքնութեան առնչութեամբ, եւ քաջ գիտեն, որ Լիբանան կարիքը ունի արաբական երկիրներու գուրգուրանքին եւ զօրակցութեան:

«Իսկ արաբական երկիրներուն կողմէ Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու քայլերը պէտք է Լիբանանի կողմէ մերժուին: Մենք կ՛ուզենք արաբական երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւնները պահել`     Լիբանանի շահերը պաշտպանելու եւ զայն պահելու իր արաբական միջավայրին մէջ», ըսաւ Պասիլ` շեշտելով նաեւ, որ Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր, որ արտաքին միջամտութիւններ կատարուին` պաշտպանելու համար Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ յայտնեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը Լիբանանի համար մահացու է: Ան աւելցուց, որ իրենք միւֆթի Տըրիանին հաստատած են, որ իրենք ներկայացուցած են տարբեր մօտեցում մը, որուն համաձայն հանրապետութեան նախագահին ժողովրդային ներկայացուցչութենէն կարելի չէ զիջիլ` ուղղակիօրէն թէ զօրակցութեամբ: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, խորհրդարանին մէջ պէտք է համախոհութիւն գոյացնել` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան շուրջ», աւելցուց ան:

Պասիլ յայտնեց, որ Տար Ֆաթուայի հանդիպումը մերձեցման հրաւէր է եւ ոչ թէ երկփեղկումի, կամ համայնքի մը ու յարանուանութեան մը ճահճացման միտում:

Ան մաղթեց, որ Լիբանան ունենայ ազգային յատկանիշներով բարեկարգչական նախագահ մը` սրբագրելու համար փտածութիւնն ու իշխանութեան արձանագրած հսկայական սխալները:

«Մենք յանձնառու կը մնանք Ազգային ուխտին գործադրութեան եւ կը հաստատենք սահմանադրական բացթողումները սրբագրելու անհրաժեշտութիւնը», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան` Պասիլ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է` աւելցնելով, որ անիկա պէտք է իր ամբողջական լիազօրութիւնները ունենայ:

«Կը մաղթենք, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով ի գործ դրուող ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին», ըսաւ Պասիլ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.