Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց «Մայյաս» լիբանանեան պարախումբը` նախագահութեամբ պարախումբի հիմնադիր` պարերու բեմադրիչ Նետիմ Շըրֆենի:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց «Մայյաս» պարախումբը, անոր անդամներն ու պարուսոյցը, որոնք բացառիկ ներկայացումով մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու «Ամերիքազ կաթ թելընթ» տաղանդներու մրցաշարքին եւ իրենց բծախնդրութեամբ ու հմայիչ ներկայացումով արձանագրեցին հսկայ յաղթանակ մը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք վստահ էր Լիբանանի անունով «Մայյաս»-ի արձանագրելիք միջազգային յաղթանակէն, որովհետեւ պարախումբին բովանդակած ներդաշնակութիւնը եւ բեմին վրայ ներկայացուած պատկերներուն գեղեցկութիւնը երեւակայութենէ անդին էին:
Ապա հանրապետութեան նախագահը Լիբանանեան «Արժանեաց» ոսկեայ շքանշանը յանձնեց Շըրֆենի` բարձր գնահատելով «Մայյաս» պարախումբի յաղթանակը, որ Լիբանանի համար հպարտութիւն է:
Իր կարգին, Շըրֆեն յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ այս շքանշանը ստանալով եւ «Մայյաս»-ի անունով ճակատաբաց կը ստանձնէ զայն նախագահ Աունէն:
«Այս յաղթանակը կը փաստէ, որ եթէ մենք իբրեւ լիբանանցիներ միասնաբար գործենք, հակառակ մեր բոլոր տարակարծութիւններուն, եւ կարենանք շրջանցել մեր միջեւ տարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնինք իրարու, ապա մենք կրնանք յանգիլ արդիւնքներու: Այս շքանշանը կը նուիրեմ իւրաքանչիւր մօր, հօր, եղբօր, քրոջ, մեծ հօր եւ մեծ մօր, որոնք կ՛աշխատին, կը յոգնին եւ արցունք կը թափեն` իրենց զաւակներուն արժանապատիւ կեանք մը ընծայելու այս երկրին մէջ, որպէսզի անոնք չարտագաղթեն Լիբանանէն», ըսաւ ան:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնը, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս` կառավարութեան կազմութեան եւ խորհրդարանի գումարած լիագումարին վերաբերող:
Նախագահ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Աթալլան եւ նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան զարգացումները:
Քննարկուեցան նաեւ Մեթնի եւ Շուֆի կարիքները:
Նախագահական պալատ այցելեցին Պէյրութի եւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահներ Նատեր Գասպար եւ Մարի Թերեզ Քաուուալ:
Քննարկուեցան յառաջիկայ ամսուան ընթացքին «Իրաւաբանի տան» մէջ տեղի ունենալիք վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան մասին տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները:
Նշենք, որ այս խորհրդաժողովը կը հովանաւորէ հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Աուն դրուատեց Պէյրութի եւ Թրիփոլիի սենտիքաներուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` կազմակերպելու համար արհեստավարժ այս խորհրդաժողովը` ընդգծելով ապակեդրոնացեալ դրութեան կարեւորութիւնը, որ շեշտուած է նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց վարչական ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութեան որդեգրումին անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ անիկա պիտի ըլլայ նաեւ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրականացնելու եւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու նախաքայլը:


