Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջին փուլին լիբանանեան ապահովական կառոյցները կրցած են ձախողցնել 24 ապօրինի գաղթի գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ Լիբանան վերադարձուցած են 200 գաղթականներ:
Մաուլաուի շեշտեց, որ այն ուժերը, որոնք կը մղեն լիբանանցիները` դրամատուներուն մէջ քաոս ստեղծելու, կը բացայայտեն իրենք զիրենք եւ ամէնօրեայ դրութեամբ դուրս կու գան սպառնալիքներով եւ յայտարարութիւններով:
«Ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնը չէ դրամատուներուն դռներուն դիմաց պահակութիւն կատարել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներուն դիմաց ըլլան:
Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա օր մը օրանց Լիբանանը առանձին չէ ձգած, նոյնիսկ եթէ ան որոշ դժգոհութիւն ունէր Լիբանանի մէջ արձանագրուած արարքներէ, ինչպէս` թմրեցուցիչի մաքսանենգում եւ Սէուտական Արաբիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ դարձող խորհրդաժողովներու գումարում:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ոճիրներու համեմատութիւնը 10 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած անցեալ տարուան, աւազակութեան համեմատութիւնը արձանագրած է 19 առ հարիւրի աճ, իսկ ինքնաշարժներու գողութիւնը նուազած է 15 առ հարիւրով:
Պատասխանելով նախագահական աթոռի թափուր մնալու հաւանականութեան ակնարկող հարցումի մը` Մաուլաուի հաստատեց, որ այդ պարագային հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները կը փոխանցուին կառավարութեան` աւելցնելով, որ սահմանադրութիւնը չէ ճշդած, թէ կառավարութիւնը ի՛նչ կարգավիճակ պէտք է ունենայ, այսինքն` ըլլայ ընթացիկ հարցերու թէ այլ:


