Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ գործակցութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Պալհաժ յայտնեց, որ ինք Լիբանան կը գտնուէր, երբ Աուն ստանձնեց հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` աւելցնելով, որ անոր իշխանութեան աւարտին ինք դարձեալ Լիբանան կը գտնուի:
Պալհաժ ներկայացուց Լիբանանի համար Միջազգային դրամատան հայթայթած վարկերը, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն եւ «Քորոնա»-ի համաճարակէն ետք:
Լիբանան առաջին երկիրն էր, որ դրամատունէն կը ստանար օժանդակութիւններ` պատուաստ ապահովելու նպատակով:
Պալհաժ հաստատեց, որ Միջազգային դրամատունը վարկեր տրամադրած է ֆինանսաւորելու համար նաեւ սննդեղէնի օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման ծրագիրները:
Ան ընդգծեց միջազգային գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ նախագահ Աունի հետ քննարկեց այդ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Պալհաժ շեշտեց, որ միջազգային գործակցութիւնը պիտի իրականանայ Լիբանանի ծովային սահմանագծումէն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթահորերուն մէջ հորատումի աշխատանքները սկսելէ ետք:
Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին, ինչպէս նաեւ միշտ անոր կարիքները գոհացնելու տրամադրութեան:
Ան շեշտեց, որ նաւթի ու կազի հանքերու հորատումէն ու իր բնական հարստութիւնը շահագործելէ ետք Լիբանան տնտեսական նոր փուլ մը պիտի ապրի:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Միջազգային դրամատան օժանդակութիւնները կը փաստեն Լիբանանի նկատմամբ գոյութիւն ունեցող վստահութիւնը, հակառակ անոր դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապալի պայմաններուն:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու քաղաքական ու տնտեսական զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան կացութիւնն ու անոր կապուած հաստատութիւններուն պարզած իրավիճակը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքեշի Օքուպօ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Օքուպոյի ջանքերը լիբանանեան-ճափոնական յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով եւ զայն պարգեւատրեց Մայրիներու «Մեծ սպայ» աստիճանի շքանշանով:


