Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.000 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 49.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 50.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 62.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 18.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 702.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 718.000 լ. ոսկի, մազութը` 851.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 416.000 լ. ոսկի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող արգելքները վերացնելու ճիգերը կը շարունակուին` աւելցնելով, որ կառավարութեան նոր կազմ մը կրնայ յայտարարուիլ ներկայ իշխանութեան վերջին 48 ժամուան ընթացքին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ պէտք է արագացնել հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը` վերակենդանացնելու համար պետական հաստատութիւնները: Մուսա անհաւանական նկատեց, որ 31 հոկտեմբեր 2022-էն առաջ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի մը հրաւիրուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուաուատ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Քամիլ Շամունի հետ: Հանդիպումէն ետք Մուաուատ յայտնեց, որ ընդդիմութենէն պահանջուածը այն է, որ անոնք իրենց շարքերը միասնականացնեն` նախագահական ընտրութեան նպատակով: Մուաուատ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է` աւելցնելով, որ որեւէ երկխօսութիւն պէտք է այս թղթածրարին շուրջ կատարուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որուն շուրջ համախոհութիւն կայ: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը լիբանանցիներուն կամքով ընտրուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուատտահ Սատեք հաստատեց, որ բարեկարգչական երեսփոխաններու համախմբումին մէջ որոշումները ժողովրդավարական ձեւով չեն տրուիր` ընդգծելով, որ այդ իրականութիւնը իր խառնուածքին չի յարմարիր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին պարագային արձանագրուած աճն ու նուազումը լիբանանցիներուն դէմ լարուած թակարդներ են: Ան կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք տոլար ունին` պահելու զանոնք:

Նախորդը

Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան` Հայրապետական Նուիրակ Բերիոյ Հայոց Թեմին

Յաջորդը

Ժըպրան Պասիլ. «Կառավարութիւնը Ազգային Ուխտին Չի Համապատասխաներ` Եւ Անոր Դէմ Մեր Ամբողջ Ուժով Պիտի Պայքարինք»

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.