Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:
Կարճ հանդիպումէ մը ետք վարչապետ Միքաթի պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք պատրաստ էր նաեւ Պաապտայի մէջ գիշերելու` մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը, ըսաւ. «Ամէն ինչ Ռապիէ փոխադրուած է, գիշերելու յարմար վայր չկայ»:
Նախագահ Աուն Պաապտայի լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով միատեսակ չափանիշներու գործադրութիւնը` աշխուժ եւ կարող կառավարութեան մը կազմութեան ճիշդ մուտքն է:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ներկայիս կատարուածը կը խախտէ միատեսակ չափանիշներ որդեգրելու սկզբունքը: «Կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերը կը ճշդեն իրենց նախարարները, սակայն երբ կարգը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն գայ, ապա միջամտութիւններ կը կատարուին, եւ ուրիշներ կը փափաքին ճշդել անոր նախարարները: Այս կացութիւնը անբնական է եւ մերժելի: Միատեսակ չափանիշներ պէտք է որդեգրուին», ըսաւ ան:
Նախագահական աթոռի թափուր մնալու պարագային կառավարութեան լիազօրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան լիազօրութիւնները պակասաւոր պիտի ըլլան, հետեւաբար անիկա պիտի չկարենայ հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները ամբողջութեամբ գործադրել:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով գոյութիւն ունեցող հարցերուն լուծումը դիւրին է: «Միքաթիէն պահանջեցի հաւասարութիւն, եւ երեկոյեան Պաապտա վերադարձ` յայտարարելու համար կառավարութեան նոր կազմը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի: Նախագահ Աուն Սուրիոյ դեսպանը պարգեւատրեց «Մեծ սպայ»-ի աստիճանի Մայրիներու ազգային շքանշանով` գնահատելով անոր ջանքերը` լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու` բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Մեկնումի պահուն դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալի յայտնեց, թէ թիւրիմացութիւն մը պատահած է Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութեան Սուրիա այցելութեան գծով, «սակայն այնպէս չէ, որ ժամադրութիւնը ջնջուած է, այլ յետաձգուած` Սուրիոյ նախապէս պայմանաւորուածութեան պատճառով», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Ալի հաստատեց, որ Սուրիա ամէն ջանք ի գործ դրաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու իմաստով` աւելցնելով, որ նուիրատու երկիրներն են, որոնք կը հրահրեն տեղահանուածներուն կատարելիք տունդարձին դէմ:


