ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 36.000 լ. ոսկի է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները: Ուահապ հաստատեց, որ մարոնի չորս ղեկավարները պատասխանատու են նախագահական աթոռի թափուր մնալուն եւ Թաէֆի համաձայնագիրի խախտումին:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան ունեցած պահ գումարն ու ոսկիներու հարստութիւնը լաւագոյն պարագային 30 միլիառ տոլարի կը հասնին: Ան շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ 100 հազար տոլարէն աւելի հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները պիտի վերադարձուին` Կեդրոնական դրամատան եւ առեւտրական այլ դրամատուներու կողմէ ֆինանսաւորուելէ ետք:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 46.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 47.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 56.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 653.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 668.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 789.000:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին յատկացուած ցորեն ապահովելու վարկը հաստատուած է` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժ ընդգծած է, որ Միջազգային դրամատունը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` անոր սննդեղէնի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը` օժանդակութեամբ իր ծովուժին եւ օդուժին, ներխուժումներ կը կատարէ պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ` փնտռելով յանցագործներ, ինչպէս նաեւ զէնք ու զինամթերք:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Սուրիոյ իշխանութիւնները Լիբանանի մէջ դեսպան պիտի նշանակեն Այման Սուսանը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի դիւանագիտական ծառայութեան ժամկէտը աւարտած է:
ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիտմամբ կը խոչընդոտուի` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելէ առաջ որեւէ կառավարութեան կազմութեան փորձի դէմ պէտք է կեցուածք ճշդել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր, անդրադառնալով ծագումով հնդիկ Ռիչի Սունաքի Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ ընտրութեան, յայտնեց, որ այդ քայլը ցոյց կու տայ, որ ատակ ղեկավարներ կ՛ընտրուին նման պաշտօններու: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան մտայնութիւնը տակաւին ունի իր ազդեցութիւնը եւ անիկա ընտանեկան, տեղայնական ու աւատապետական դրութեան վրայ հիմնուած է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հարց տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին կողմէ հանրապետութեան նախագահին դէմ ցուցաբերուած քաղաքական քինախնդրութեան սակը ժողովուրդին աղքատացո՞ւմն ու նուաստացո՞ւմն է: