Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխըմբռնումի Համաձայնագիր` Ճարտարարուեստի Եւ Երկրագործութեան Նախարարութիւններուն, Ինչպէս Նաեւ Ճարտարարուեստի Հետազօտութիւններու Հիմնարկին Միջեւ

October 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան, երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան եւ Ճարտարարուեստի հետազօտութիւններու հիմնարկի տնօրէն Պասսամ Ֆըրըն ստորագրեցին երկու նախարարութիւններուն եւ հիմնարկին միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն լոյսին տակ հիմնարկին տարրալուծարանները պիտի օգտագործուին` քննելու համար սննդեղէնի ներածուած արտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ արտադրուած սննդեղէնները, որոնք թէ՛ տեղական գործածութեան համար են եւ թէ՛ արտածումի:

Այս առիթով Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ սննդեղէնի արդիւնաբերութեան առումով անկարելի է չափանիշները խախտել` աւելցնելով, որ նման արարք հասարակութիւնները թիրախ դարձնող ոճիր է:

Ճ. Պուչիքեան ողջունեց Լիբանանի անունը բարձր պահող սննդեղէնի ճարտարարուեստը` հաստատելով, որ նախարարութիւնը կը փափաքի քաջալերել լիբանանցի գործարարները` աւելի եւս հմտանալու ճարտարարուեստի մարզին մէջ, որովհետեւ ճարտարարուեստը երկրին արդիւնաբեր տնտեսութեան հիմնասիւներէն է, եւ զայն արդիականացնելով եւ պաշտպանելով կարելի կ՛ըլլայ տնտեսական աճ արձանագրել, ինչպէս նաեւ աշխատանքի առիթներ ապահովել եւ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրականացնել:

Նշենք, որ Ճ. Պուչիքեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Յորդանանի յարաբերութիւններն ու ճարտարարուեստի եւ առեւտրական մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին Ճ. Պուչիքեան եւ Հատիտ ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամուր պահելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանանի Մէջ Կան 2 Միլիոն 80 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ»

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.