Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 29, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 37.100 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցագիրներ յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի եւ Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆի` Շիրազի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական յարձակումին ընթացքին ինկած զոհերուն յիշատակին: Պըրրի խստիւ դատապարտեց գործուած սպանդը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօն եւ ո՛չ ալ համայնք կը ճանչնայ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Օմանի նոր նշանակուած դեսպան Ահմետ պըն Մոհամետ Սայիտին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Միքաթի ընդունեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութը` 5000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 713.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 729.000 լ. ոսկի, մազութը` 856.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը 423.000 լ. ոսկի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ, անդրադառնալով երկխօսութեան մը ձեռնարկելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկին, յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանցիներուն միջեւ խորհրդակցութեան որեւէ ձեւաչափի` աւելցնելով, որ ոչ մէկ կողմի հետ թշնամանք գոյութիւն ունի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա նշեց, որ նախանցեալ գիշեր հնչած կարգ մը յայտարարութիւններ «քաղաքական քոլերա»-ի համազօր են եւ անոնք շատ աւելի վտանգաւոր են, քան ժահրային քոլերան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ երէկ յայտնեց, որ խորհրդարանին դիմաց երեք օր կայ` մինչեւ նախագահական աթոռի թափուր մնալը, եւ աւելցուց, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը պէտք է կրէ իր պատասխանատուութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որուն շուրջ համախոհութիւն կը գոյանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի դէմ ծառացող արտաքին ու քանդումի ծրագիրներուն վերջ մը ճշդել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը` կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու մասին, կրնայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին քնանալու վերադարձնել` մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ նախանցեալ գիշեր հնչած կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները զինք չեն զարմացուցած, այլ` այդ յայտարարութիւնները կատարելու ժամանակն ու անոնց բովանդակութիւնը:

Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ կը փաստէ Լիբանանի զօրակցութեան, անոր գերիշխանութիւնը յարգելուն եւ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու իր նախաձեռնութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ նշեց, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեամբ Լիբանան մնայուն ապահովութիւն հաստատեց, «իսկ իսրայէլացին մեզի դէմ զինուորական գործողութիւններ ձեռնարկելու կարողութիւն չունի` Հըզպալլայի պարտադրած ուժի հաւասարակշռութեան շնորհիւ», շեշտեց ան: Ուահապ նշեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան լուրջ թեկնածուներն են լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ նախագահեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի նիստին, որմէ ետք յայտնեց, թէ իրենք պիտի ընդառաջեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան հրաւէրին: Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանի բաց նիստ յայտարարելու` մինչեւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը: Նշենք, որ Ժահժահ ընդունեց «Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ամերիկացի քոնկրեսականներ: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու, բարեկարգումները կատարելու եւ բանակի զօրակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումի Համաձայնութեան Մասին Կեցուածքները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.