Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պարգեւատրեց Ապպաս Իպրահիմը Եւ Պու Սաապին Վստահեցաւ Սուրիա Գործուղուելու Պարտականութիւնը

October 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ պարգեւատրեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը` անոր շնորհելով «Մեծ սպայ»-ի աստիճանի Մայրիներու շքանշանը` առ ի գնահատանք Իպրահիմի ծառայութեան` ապահովական, զինուորական եւ քաղաքական ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը իրականացնելու առումով անոր ունեցած դերակատարութեան համար:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց նաեւ Ապպաս Իպրահիմի ճիգերը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը արդիականացնելու եւ քաղաքացիներուն լաւագոյնս ծառայելու նպատակով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապին վստահեցաւ Սուրիա գործուղուելու պարտականութիւնը:

Նախագահ Աունի որոշումով վաղը` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2022-ին լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Պու Սաապի, պիտի ուղղուէր Դամասկոս, քննարկելու համար Լիբանան-Սուրիա ծովային սահմանագծումի կարելիութիւնը:

Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, Ապպաս Իպրահիմ, լիբանանեան ծովուժի պատասխանատուներէն Աֆիֆ Ղէյս, ինչպէս նաեւ Նաւթի մարզի տնօրինման վարչական խորհուրդի անդամներ Ուիսամ Շպաթ եւ Ուիսամ Զահապի:

Երեկոյեան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան յղեց նամակ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ սուրիական կողմը ճշդուած թուականին, այսինքն` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին չի կրնար ընդունիլ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, նախօրօք պայմանաւորուած ըլլալուն պատճառով:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ սուրիական կողմը խնդրած է այլ թուական մը ճշդել` Սուրիա կատարուելիք այցելութեան համար:

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն պարգեւատրեց նաեւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը եւ բարձր գնահատեց անոնց ծառայութիւնն ու զոհողութիւնները: Այս առիթով նախագահ Աուն պարգեւատրումի մետալը յանձնեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Ռեմոն Խաթթարին:

 

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Քոլերայի Համաճարակին Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Դ. Նիստին Ընթացքին Եւս Կարելի Չեղաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Ընտրել. Միշել Մուաուատ Կառչած Կը Մնայ Իր Թեկնածութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.