Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Շիայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

October 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Միջազգային դրամատան փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, որ հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին Միջազգային դրամատունը պատրաստ է ֆինանսաւորելու լիբանանցիներուն համար կարեւոր ծրագիր մը, որուն արժէքը կը տարուբերի 300-500 միլիոն տոլարի միջեւ:

Պալհաժ հաստատեց, որ Միջազգային դրամատունը պատրաստ է օժանդակելու նաեւ ելեկտրականութեան մարզին` աւելցնելով սակայն, որ այդ իմաստով պահանջուած բարեկարգումները, այսինքն` ելեկտրականութեան ընկերութեան հաշիւներուն իրաւական հետաքննութիւնն ու ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման խորհուրդի կազմութիւնը, տակաւին հեռու են իրականութիւն դառնալէ:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Մելանի Հոնշթայնը, որ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի յայտարարած վարչական գործունէութեան թուայնացման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ քննարկեց քոլերայի դէմ պայքարելու նպատակով ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Միքաթի ընդունեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նաժլա Ռիաշին` ընկերակցութեամբ իւրացուած գումարները վերադարձնելու նախաձեռնութեամբ Լիբանան ժամանած միջազգային պատուիրակութեան մը, զոր կը գլխաւորէր Պատըր Պաննա:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց պատուիրակութեան ստանձնած պարտականութեան` հաստատելով, որ անիկա դիւրին աշխատանք մը պիտի չըլլայ, «սակայն հակառակ անոր պէտք է շեշտել, որ անիկա կարեւոր աշխատանք մըն է, որ պիտի սկսի», յայտնեց ան:

Իր կարգին, Պաննա ընդգծեց իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի իւրացուած գումարները վերադարձնելու իր ուրոյն ռազմավարութիւնը կարենայ մշակել:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որուն հետ Միքաթի քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետին այցելեց նաեւ երեսփոխան Ահմետ Խէյր:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի երէկ ստորագրեց դրամատան գաղտնիութեան վերաբերող բարեփոխումներու օրէնքը, որ օր մը առաջ վաւերացուած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Վարչապետը իր կարգին վաւերացուց բարեփոխումները ընդգրկող օրէնքը եւ զայն յղեց հանրապետութեան նախագահութեան:

 

Նախորդը

Փոխըմբռնումի Համաձայնագիր` Ճարտարարուեստի Եւ Երկրագործութեան Նախարարութիւններուն, Ինչպէս Նաեւ Ճարտարարուեստի Հետազօտութիւններու Հիմնարկին Միջեւ

Յաջորդը

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Նիստերը Վերածուած Են Ձախող Թատրոնի Մը, Որոնք Ապարդիւն Են»

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.